ՔՈՎԻՏ-19 Թարմացում. Դաշնային ոստիկանութիւնը կը հետազօտէ RAT գիները հազարաւոր գանգատներէ ետք:

Այս, Աւստրալիոյ քորոնա ժահրի լուրերու 1 Փետրուար 2022-ի թարմացումն է:

Vifaa vya vipimo vya rapid antigen vyatolewa ndani ya boxi

Vifaa vya vipimo vya rapid antigen vyatolewa ndani ya boxi Source: AAP

  • Աւստրալիական Մրցակցութեան և Սպառողի Յանձնաժողովը (ACCC) որոշ մանրածախ առեւտրականներու մասին  ոստիկանութեան տեղեկացուց, օրական 100 տեղեկութիւններ ստանալէ ետք որ սպառողներ չափէն աւելի կը վճարեն RAT քննութեան սարքերու համար:
  • Յանձնաժողովը զգուշացուց որ RAT սարքերու մեծաքանակ գինը կը տատանի 5 տոլարէն 10-ի միջեւ, տեղեկութիւններու համաձայն կը վաճարուին 20-էն 30 տոլարի միջեւ և որոշ աւելի փոքր խանութներ կը ծախեն մինչեւ 70 տոլարի:
  • Վարչապետ Սքոթ Մորիսըն $209 միլիոն տոլար վճարումներ պիտի տրամադրէ տարեցներու խնամքի գործաւորներուն, սակայն աշխատաւորական միութիւններ քննադատեցին այս քայլը որպէս քաղաքական խորամանկութիւն քուէներ շահելու համար ընտրութիւններէն առաջ:
  • Վիքթորիայի կառավարութիւնը պիտի բանայ պատուաստումի բուժարաններ երեխաներու յաճախած վայրերուն մէջ, անբարենպաստ պայմաններու մէջ գտնուող երեխաներու պատուաստումի տոկոսը աւելցնելու համար: Վայրերը պիտի ներառեն Մելպըրնի կենդանաբանական այգին և Ձկնարանը:
  • Աւստրալիացի Ողիմպիական մարզիկ Թահիլ Կիլ պիտի վերսկսի Ձմեռային Ողիմպիական մարզումները իր մարզակից Տին Հիուիթի հետ ՔՈՎԻՏ-19 վախէն ետք: Արդարեւ, զոյգը բազմաթիւ ժխտական արդիւնքներ տուաւ Պէյժինկ ժամանելէ ետք նախնական դրական արդիւնքէն ետք:
  • Անցած չորս օրերուն պաշտօնեաներ ՔՈՎԻՏ-19-ի 119 դէպքեր բացայայտեցին մարզիկներու և անձնակազմի մօտ որոնք մաս կը կազմեն 2022 Պէյժինկ Ձմեռային Ողիմպիականներուն որ պիտի սկսի վաղը: 
  • Նոր Զելանտայի կառավարութիւնը այսօր կը հանդիպի լրացնելու համար երկրի սահմաններու բացման թուականը: Ներկայիս վերադարցող բնակիչներ 10 օր պէտք է մեկուսանան պանթոկներու մէջ որոնք միայն սահմանափակ տեղեր ունին:
 ՔՈՎԻՏ-19 ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ.

Ներկայիս, Նիու Սաութ Ուելսի հիւանդանոցներուն մէջ կան 2749 անձեր ժահրով վարակուած և 138 հիւանդներ վերակենդանացման բաժնին մէջ որոնցմէ 70 օդափոխիչի վրայ: Եւս 30 նոր մահեր կային և 12,818 վարակուածներ:

Վիքթորիայի մէջ, 851 մարդիկ հիւանդանոցի մէջ կը գտնուին և 106 հիւանդներ վերակենդանացման բաժնին մէջ: 34 մահեր կային և 11,311 նոր դէպքեր:

Քուինզլանտի մէջ, 868 մարդիկ հիւանդանոցի մէջ էին և 50 վերակենդանացման բաժնին մէջ: Եւս 10 մահեր կային և 7588 նոդ դէպքեր:

Հարաւային Աւստրալիոյ մէջ 273 մարդիկ հիւանդանոցի մէջ էին և 22 վերակենդանացման բաժնին մէջ: 3 մահեր կային և 1266 նոդ դէպքեր:

Թազմանիա արձանագրեց 699 նոդ դէպքեր, 16 մարդիկ հիւանդանոցին մէջ, մէկ մարդ վերակենդանացման բաժնին մէջ և մահեր չկային:

ՔՈՎԻՏ-19 համաճարակի դէմ առնուած քայլերու վերաբերեալ ձեր լեզուով, այցելեցէք : 

Որոշ նահանգներ հաստատեցին RAT արձանագրութեան հարցարաններ:  

Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին  կայքին վրայ:                                         





Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

 
 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

 
 

Share
Published 1 February 2022 8:33pm
Presented by Vahe Kateb


Share this with family and friends