ՔՈՎԻՏ-19 թարմացում. Իշխանութիւններ կոչ կ'ուղղեն որ աւելի մեծ թիւով մարդիկ քննութիւններու ենթարկուին և պատուաստուին

Այս, Աւստրալիոյ «քորոնա» ժահրի լուրերու 17 Օգոստոս 2021-ի թարմացումն է:

Australian Defence Force

Australian Defence Force personnel assist people as they check into the Qudos Bank Arena NSW Health COVID-19 Vaccination Centre in Sydney Source: AAP Image/Bianca De March

  • Նիու Սաութ Ուելսի նոր դէպքերու մեծ մասը 40 տարեկանէն վար են
  • Վիքթորիայի նահանգապետը կոչ կ'ուղղէ որ աւելի մեծ թիւով մարդիկ քննուին
  • 17 տեղական նոր փոխանցումներ Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասին մէջ
  • Նոր դէպքեր չկան Հիւսիսային Հողամասին մէջ

Նիու Սաութ Ուելս

Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 452 նոր տեղական փոխանցումներ, որոնցմէ նուազագոյնը 50-ը համայնքին մէջ էին մինչ վարակիչ վիճակի մէջ: Նոր դէպքերու 75 առ հարիւրը 40 տարեկանէն վար են: 70-ական տարիքի կին մը որ պատուաստուած չէր, մահացաւ:

Lennox Head-ի բնակիչներուն խորհուրդ տուին որ քննուին որովհետեւ ՔՈՎԻՏ բեկորներ յայտնաբերեցին տեղական կեղտաջուրի քննութեան ժամանակ:

Նահանգապետ Կլատիս Պերեճիքլեան յատուկ կոչ ուղղեց 70 տարիքէ վեր մարդոց որ պատուաստուին:

Վիքթորիա

Վիքթորիա արձանագրեց 24 նոր տեղական փոխանցումներ, որոնցմէ երեքը կապուած չեն յայտնի համաճարակի բռնկումներու հետ: Տասը անձեր համայնքին մէջ էին վարակիչ վիճակի մէջ:

Նահանգապետ Տանիել Անտրիուզ կոչ ուղղեց որ աւելի մեծ թիւով մարդիկ քննուին, յատկապէս  St Kilda թաղամասին մէջ ներառեալ Port Phillip և Bayside շրջանները:

Անցած 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին 

  • ACT արձանագրեց 17 նոր տեղական փոխանցումներ Քանպերայի մէջ ընդհանուր թիւը հասցնելով 45-ի: Ներկայիս մօտաւորապէս 100 :
  • Հիւսիսային Հողամասը ոչ մէկ նոր վարակումի դէպք արձանագրեց երեկ կատարուած 1,846 քննութիւններէ էտք:
  • Քուինզլանտ արձանագրեց մէկ տեղական փոխանցումի դէպք որ տան մեկուսացման մէջ էր:
Ինքնամեկուսացումը կրնայ ազդել մտային առողջութեան վրայ
Self isolation can impact our mental health Source: SBS
Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում

Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:

Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին  կայքին վրայ:  



Լուրեր և տեղեկութիւններ 60-է աւելի լեզուներով. 



Այցելեցէք  NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.  


Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ

 
 


Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար:

 
 
COVID-19  update August 10.


Share
Published 17 August 2021 8:11pm
By SBS/ALC Content
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS


Share this with family and friends