Երեքշաբթի օր, Աւստրալիոյ մէջ նուագագոյնը 42 ՔՈՎԻՏ-19 մահեր արձանագրուեցան, ներառեալ 18 Նիու Սաութ Ուելսի և 15 Վիքթորիայի մէջ: Արեւմտեան Աւստրալիոյ տուեալները կը ներառեն 7 պատմական մահեր:
Աւստրալիոյ մէջ ՔՈՎԻՏ-19-ի վերաբերեալ նոր դէպքերու, վերջին տեղեկութիւններու, հիւանդանոց մնացողներու և մահերու վերաբերեալ վերջին լուրերը գտէք :
Արեւմտեան Աւստրալիոյ զբօսանաւի մը վրայ տասը ճամբորդներ և երկու անձնակազմը ՔՈՎԻՏ-19-ի դրական արդիւնք տուին: Coral Discoverer, զբօսանաւը Broome ժամանեց Երկուշաբթի առտու Darwin-էն 10 օր ճամբորդութենէ մը ետք:
Արեւմտեան Աւստրալիա թոյլ տուած էր փոքր զբօսանաւերու, որոնք 350-է աւելի ճամբորդներ և անձնակազմ չեն փոխադրէր, որ նահանգ մտնեն 17 Ապրիլէն:
Արեւմտեան Աւստրալիա կրնայ չնչել Փակ տարածքներու մէջ դիմակ կրելը որովհետեւ ՔՈՎԻՏ-19ով վարակուածներու թիւերը հաստատ կը մնան:
Մելպըրն Համալսարանի վարակաբան Nancy Baxter-ի կարծիքով շատ շուտ է սահմանափակումները վերցնել մինչ New South Wales, Victoria, Australian Capital Territory և Queensland անցեալ շաբաթ յայտարարեցին որ պիտի չնչեն մօտիկ շփումի և մեկուսացումի օրէնքները:
"Այժմ, համաճարակի ժխտումի շրջանին մէջ կը գտնուինք երբ կ'ուզենք ապրիլ ինչպէս կ'ապրէինք առաջ," Փրոֆէսօր Baxter ըսաւ -ի Երեքշաբթի օր:
Պէյժինկ զանգուածային կերպով կը ստուգէ բնակչութիւնը ՔՈՎԻՏ-19 նոր դէպքերէ ետք: Երկուշաբթի օր, առողջապահութեան պաշտօնեայ մը տեղեկացուց 70 վարակումներու մասին Չինաստանի մայրաքաղաքի 16 շրջաններու 8-ին մէջ: Դէպքերու մեծ մասը (46) շրջանին մէջ կը գտնուէին:
Չինաստան որդեգրած է խիստ միջոցներ 'զէրօ-ՔՈՎԻՏ' մօտեցումի ծիրէն ներս: Երկրի ֆինանսական կեդրոնը համարոող Շանկայ քաղաքը մէկ ամիս է արդէն արգելափակումի մէջ կը գտնուի:
Դիտեցէք Չինաստանէն վերջին տեսաերիզները :
Կարդացէք վերաբերեալ
Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը
Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք