ՔՈՎԻՏ-19 թարմացում. Աւստրալիոյ մէջ 27 մահեր, բոլոր աւստրալիացիները կը քաջալերուին որ ստանան տենդախառն հարբուխի պատուաստը

Այս, Աւստրալիոյ ՔՈՎԻՏ-19 լուրերու 7 Յունիս 2022-ի թարմացումն է:

All Australians are being encouraged to vaccinate for influenza

All Australians are being encouraged to vaccinate for influenza Source: Getty Images/Darrian Traynor

Երեքշաբթի օր, Աւստրալիա տեղեկացուց որ նուազագոյնը 29 ՔՈՎԻՏ-19 մահեր կային, ներառեալ 12 Վիքթորիայի, 8 Նիու Սաութ Ուելսի և 5 Հարաւային Աւստրալիոյ մէջ: Արեւմտեան Աւստրալիա տեղեկացուց 2 պատմական մահերու մասին:

Բաղդատած նախորդ օրուայ, Աւստրալիոյ տարածքին նահանգներու մեծամասնութեան մէջ, օրական նոր ՔՈՎԻՏ-19 դէպքերու և հիւանդանոց մնացողներու թիւին յաւելում կար:

Երեքշաբթի օր Վիքթորիա տեղեկացուց իր օրական ամենաբարձր դէպքերու մասին, Երկուշաբթի 7,557 դէպքերէն այսօր 9,181 դէպքեր: Քուինզլանտ տեղեկացուց որ վարակուածներու թիւը 2,548-էն աւելցած է 4,288-ի: 

Աւստրալիոյ մէջ ՔՈՎԻՏ-19 նոր դէպքերու, հիւանդանոց մնացողներու և մահերու վերջին տուեալներու մասին սեղմեցէք :
Գլխաւոր Բժշկական Պաշտօնեայի տեղակալ Տոքթ. Սոնիա Պենեթ քաջալերեց բոլոր աւստրալիացիները որ պատուաստուին տենդախառն հարբուխի դէմ: Աւստրալիական կառավարութիւնը, Ազգային Պատուաստումի Ծրագրի միջոցով  (NIP), ձրի եղանակային հարբուխի դէմ պատուաստ կը տրամադրէ մարդոց որոնք աւելի շատ վտանգի տակ կը գտնուին: Ինչպէս՝ Բնիկներու խումբեր, երեխաներ, յղի կանայք և 65 տարեկանէ վեր որեւէ անձ:

Երկուշաբթի 7 Յունիսէն սկսեալ, Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամասին մէջ (Australian Capital Territory) հարբուխի պատուաստը ձրի է զեղջի քարտ ունեցողներուն համար Access and Sensory Vaccination Clinic բուժարանին մէջ: Զեղջի քարտ ունեցողներ և իրենց զաւակները պատուաստումի համար կրնան ժամադրութիւն առնել Weston-ի մէջ Access and Sensory Vaccination Clinic բուժարարնէն հեռաձայնելով 02 5124 3999 առտու ժամը 8էն մինչեւ կ.ե. ժամը 5, Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ:

8 Յունիս 2022-էն, 5 տարեկանէ վեր Քանպերայի բնակիչներ պիտի կարենան իրենց տենդախառն հարբուխի պատուաստը ստանալ դեղարաններէն: Ներկայիս դեղագործներ կրնան միայն պատուաստել 10 տարեկանէ վեր երեխաներ: 

Այս ամիս Յունիսին, 6 ամսականէ վեր Նիու Սաութ Ուելսի, Վիքթորիայի, Քուինզլանտի, Արեւմտեան Աւստրալիոյ Հարաւային Աւստրալիոյ և Թազմանիայի բոլոր բնակիչները կրնան ձրի տենդախառն հարբուխի պատուաստ ստանալ:  
Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը

Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք

Եթէ ֆինանսական կարիք ունիք, նայեցէք թէ

Այստեղ գտէք օգնութիւն հասկնալու

Կարդացէք ՔՈՎԻՏ-19 տեղեկութիւն ձեր լեզուով այստեղ .


Share
Published 7 June 2022 2:57pm
Presented by Vahe Kateb


Share this with family and friends