ՔՈՎԻՏ-19 թարմացում. Աւստրալիա նկատի կ'առնէ հինգ տարեկանէն վար երեխաներու պատուաստը

Այս, Աւստրալիոյ ՔՈՎԻՏ-19 լուրերու 21 Յունիս 2022-ի թարմացումն է:

Australia is reviewing a proposal for allowing COVID-19 vaccines for children under five. The US has approved vaccines for child from six months to five years.

The Centres for Disease Control and Prevention in the US has recently approved COVID-19 vaccines for children aged five and under. Source: AAP/AP Photo/Sean Rayford/FR171415 AP

Երեքշաբթի օր, Աւստրալիա տեղեկացուց նուազագոյնը 53 ՔՈՎԻՏ-19 մահերու մասին, ներառեալ 28 Վիքթորիայի մէջ, եօթը Նիու Սաութ Ուելսի մէջ: Արեւմտեան Աւստրալիա տեղեկացուց վեց պատմական մահերու մասին:

NSW և Քուինզլանտ տեղեկացուցին 1,499 և 491 ՔՈՎԻՏ-19-ով վարակուած հիւանդներու մասին հիւանդանոցի մէջ, անցած չորս շաբաթներու հիւանդանոց մնացողներու իրենց ամենաբարձր թիւը:  

Աւստրալիոյ մէջ ՔՈՎԻՏ-19 նոր դէպքերու, հիւանդանոց մնացողներու և մահերու վերջին տուեալներու մասին սեղմեցէք :
Կը նախատեսուի որ Մոտերնա հարբուխի և ՔՈՎԻՏ-19 միախմբուած պատուաստներու փորձարկումներ սկսի  այս տարուայ վերջաւորութեան:

Պատուաստը հնարաւոր է արտադրել Վիքթորիայի մէջ և աւստրալիացիներ կրնան ստանալ այդ պատուաստը մինչեւ 2024:

Ատըլայտ համալսարանի հետազօտողներ  նոր առանց ասեղի ՔՈՎԻՏ-19 խթանիչ պատուաստի մը մարդկային փորձարկումները սկսան այս շաբաթ:  DNA-ի վրայ հիմուած պատուաստը ստեղծուած է թիրախաւորելու համար Օմիքրոն տարբերակը: Աւստրալիոյ մէջ ներկայ օգտագործուող պատուաստները կը թիրախաւորեն միայն սկզբնական ժահրի տեսակը:

Բուժական Ապրանքներու Վարչութիւնը (TGA) վերատեսութեան կ'ենթարկէ առաջարկ մը Moderna-էն որպէսզի թոյլ տրուի օգտագործելու ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստներ հինգ տարեկանէն վար երեխաներու համար: Սակայն, շաբաթներ պիտի տեւէ մինչեւ որ Բուժական Ապրանքներու Վարչութիւնը որոշում առնէ:

Հիւանդութեան Կանխարգիլման և հսկողութեան Միացեալ Նահանգներու կեդրոնը վերջերս վաւերացուց ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստներ հինգ տարեկանէն վար երեխաներու համար:

Աշխատաւորական Labor կառավարութիւնը կը նախատեսուի որ Արքայական Յանձնաժողով մը հաստատէ կամ այլ հետազօտութիւն մը թէ ինչպէս Աւստրալիա ղեկավարած է ՔՈՎԻՏ-19  ճգնաժամը:

Հարաւային Աւստրալիա կրնայ մօտերս վերցնել եռապատիկ պատուաստի պահանջը առողջապահական ծառայութիւններու համար:



Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը

Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք

Եթէ ֆինանսական կարիք ունիք, նայեցէք թէ

Այստեղ գտէք օգնութիւն հասկնալու

Կարդացէք ՔՈՎԻՏ-19 տեղեկութիւն ձեր լեզուով այստեղ .

Share
Published 21 June 2022 7:49pm
Presented by Vahe Kateb


Share this with family and friends