ՔՈՎԻՏ-19 թարմացում. Աւստրալիա նկատի կ'առնէ Ֆայզըր խթանումի դեղաչափեր դեռահասներուն համար

Այս, Աւստրալիոյ ՔՈՎԻՏ-19 լուրերու 29 Մարտ 2022-ի թարմացումն է:

ATAGI yafanya tathmini ya matumizi ya chanjo ya Pfizer kama dozi ya jeki kwa vijana.

ATAGI yafanya tathmini ya matumizi ya chanjo ya Pfizer kama dozi ya jeki kwa vijana. Source: Getty Images/DEAN LEWINS/POOL/AFP

Պատուաստումի Աւստրալիական Դեքնիք Խորհրդատուական Խումբը (ATAGI) վերատեսութեան կ'ենթարկէ Ֆայզըրի ապացոյցները առաջ որ պատուաստը վաւերացուի որպէս խթանիչ 12-էն 15 տարեկաններուն համար:

ATAGI խորհուրդ տուաւ 5-11 տարեկան երեխաներ ունեցող ծնողքներուն որ ժամադրութիւն առնեն ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստի երկրորդ դեղաչափին համար:

NSW-ի Գանձապահ Մաթ Քին ՔՈՎԻՏ-19-ի դրական արդիւնք տուաւ Երկուշաբթի օր:

Վիքթորիայի Նահանգապետ Տանիել Անտրիուզ ներկայիս 7 օր մեկուսացումի մէջ է ՔՈՎԻՏ-19-ի դրական արդիւնք տալէ ետք:   

Արեւմտեան Աւստրալիա հաւանական է որ թեթեւցնէ Երկրորդ աստիճանի սահմանափակումները Առաջին աստիճանի Հինգշաբթի 31 Մարտ առտու ժամը 12.01էն, հակառակ 7 Մարտէն նոր ՔՈՎԻՏ-19 դէպքերու բարձրացումին 2,365 նոր վարակումներով: Մարտ 24-ին նահանգը իր գագաթնակէտը հասաւ 8,616 նոր դէպքերով:  

Արեւմտեան Աւստրալիոյ մէջ երեսի դիմակը պիտի շարունակուի պարտադիր մնալ 8 տարեկանէ վեր անձերու համար (դպրոցին մէջ 3րդ դասարան և աւելի վեր) իրենց տունէն դուրս վայրերու մէջ: յաւելեալ տեղեկութեան համար:

Փրոֆէսօր Քաթրին Պէնէթ, Deakin Համալսարանի Համաճարակաբանութեան ամպիոնի ղեկավարը, զգուշացուց որ շատ պէտք չէ վստահիլ RAT քննութիւններու վրայ ճշգրտութեան հարցերու պատճառով: Ան կ'ըսէ որ RAT ճշգրտութիւնը կը տարբերի տուներու մէջ: Օրինակի համար, արդիւնքները կրնան տարբերիլ եթէ մարդիկ կերակուր կերած են կամ ատամնին լուացած քննութենէն կէս ժամ առաջ:  



ՔՈՎԻՏ-19 աւստրալիական տուեալներ 29 Մարտ 2022-ի համար

New South Wales: 21,494 նոր դէպքեր, 1,283 հիւանդանոցի մէջ, 53 վերակենդանացման բաժնին մէջ, 9 մահեր:

Victoria: 10,916 նոր դէպքեր, 284 հիւանդանոցի մէջ, 33 վերակենդանացման բաժնին մէջ, հինգ մահեր:

Tasmania: 2,324 նոր դէպքեր, 22 հիւանդանոցի մէջ, մէկ մահ 

Queensland: 7,738 նոր դէպքեր, 325 հիւանդանոցի մէջ, 14 վերակենդանացման բաժնին մէջ, 9 մահեր:

Australian Capital Territory: 1,063 նոր դէպքեր, 49 հիւանդանոցի մէջ, 4 վերակենդանացման բաժնին մէջ, ոչ մէկ մահ:

Northern Territory: 408 նոր դէպքեր, 12 հիւանդանոցին մէջ, 2 վերակենդանացման բաժնին մէջ, ոչ մէկ մահ:

South Australia: 4,201 նոր դէպքեր, 170 հիւանդանոցի մէջ, 7 վերակենդանացման բաժնին մէջ:

Western Australia: 8,910 նոր դէպքեր, 219 հիւանդանոցին մէջ, 6 վերակենդանացման բաժնին մէջ և մէկ մահ:
Կարդացէք վերաբերեալ



Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը

Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք


Եթէ ֆինանսական կարիք ունիք, նայեցէք թէ

Այստեղ գտէք օգնութիւն հասկնալու


Կարդացէք ՔՈՎԻՏ-19 տեղեկութիւն ձեր լեզուով այստեղ .


Share
Published 29 March 2022 5:58pm
Presented by Vahe Kateb


Share this with family and friends