- Վիքթորիա արձանագրեց 37,994 նոր ՔՈՎԻՏ-19 դէպքեր մինչ Նիու Սաութ Ուելս 25,870 դէպքեր:
- Վիքթորիայի մէջ 861 հիւանդներ կան հիւանդանոցին մէջ, 43 աւելի քան նախորդ օրը, ներառեալ 117 վերակենդանացման բաժնին մէջ և 27 օդափոխիչի վրայ:
- Վիքթորիայի նահանգապետ Տանիել Անտրիուզ յայտնեց որ Երկուշաբթի օր, մօտ 34,000 արագ հակամարմին քննութեան ձրի սարգեր տրամադրած են նահանգի 56 քննութեան բուժարաններու:
- Պարոն Անտրիուզ յայտնեց որ 3,992 հիւանդանոցի աշխատողներ և 422 Ambulance Victoria անձնակազմ, անկարող են գործի վերադառնալու որովհետեւ կամ վարակուած են ժահրով կամ մօտիկ շփում ունեցած են դէպքի մը հետ:
- Ան յայտարարեց նաեւ $4 միլիոն տոլար ծրագրի մը մասին օգնելու բժիշկներուն և համայնքային դեղարաններուն որ աշխատանքի ժամերէ դուրս դպրոցներ այցելեն պատուաստներ տրամադրելու համար:
- Նիու Սաութ Ուելսի մէջ, 2,186 մարդիկ կան հիւանդանոցին մէջ ՔՈՎԻՏ-19-ով վարակուած, ներառեալ 170 վերադենդանացման բաժնին մէջ:
- Imperial College London-ի կատարած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կ'ուտայ որ սովորական հարբուխի մեծ թիւով T-բջիջներ կրնան պաշտպանել ժահրին դէմ:
- Տարեցներու խնամքի 1000 գործաւորներու նոր ուսումնասիրութիւն մը կատարուած Health Services Union աշխատաւորական միութեան կողմէ յայտնաբերեց որ գլխաւոր խնդիրներէն մէկը անձնակազմի պակասն է և չափազանց ծանրաբեռնուածութիւնը համաճարակի այս նոր հանգրուանին մէջ:
- Աշխատաւորական Միութիւններու Աւստրալիական Խորհուրդի Քարտուղար Սալլի ՄքՄանուս գրեց վարչապետ Սքոթ Մորիսոնին պահանջներու ցանկով մը զգուշացնելով որ “անպաշտօն արգելափակում” մը կը վնասէ շատ մը գործաւորներու:
- Նիու Սաութ Ուելսի կառավարութիւնը կ'ուզէ որ բնակիչներ տեղեկացնեն դրական rapid antigen test արդիւնքները, ըսելով որ իշխանութիւններուն հնարաւորութիւն պիտի տայ ունենալու տարածումի յստակ պատկերը:
- Վախ կայ որ Սիտնիի Villawood կալանման վայրին մէջ բռնկում մը կրնայ սաստկանալ մինչ գաղթականներու պաշտպաններ հարց կ'ուտան թէ ինչո՞ւ կալանուածներ կը մնան նման վտանգաւոր միջավայրի մը մէջ:
Որոշ նահանգներ հաստատեցին RAT արձանագրութեան հարցարաններ:
ՔՈՎԻՏ-19 Վիճակագրութիւն.
Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 25,870 դէպքեր PCR քննութիւններու միջոցով և 11 մահեր: NSW տակաւին չէ հրապարակած rapid antigen test քննութիւններու տուեալները:
Վիքթորիա արձանագրեց 37,994 նոր դէպքեր և 13 մահեր: Այս դէպքերէն 18,503-ը արձանագրուեցան RAT քննութիւններու հետեւանքով:
Քուինզլանտ արձանագրեց 20,566 նոր դէպքեր և մէկ մահ:
Թազմանիա տեղեկացուց 1,379 դէպքերու մասին:
Քառանթին, ճամբորդութիւն, քննութեան բուժարաններ և համաճարակի աղէտի վճարում
Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:
Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին կայքին վրայ:
- Լուրեր և տեղեկութիւններ 60-է աւելի լեզուներով.
- Յարմար ուղեցոյցեր ձեր նահանգի կամ հողամասի համար. , , , , , , .
- Տեղեկութիւն
Այցելեցէք NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.
Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ
Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար: