- NSW-ի մէջ, բնակիչներու 67 առ հարիւրը ստացան պատուաստի առաջին դեղաչափը
- Վիքթորիա 1,000-է աւելի ՔՈՎԻՏ-19 փոխանցումի վայրեր ունի
- ACT կ'երկարաձգէ արգելափակումը մինչեւ 17 Սեպտեմբեր
- Հարաւային Աւստրալիա կը վերցնէ Քուինզլանտէն և Հիւսիսային Հողամասէն ճամբորդներու սահմանափակումները
Նիու Սաութ Ուելս
Նիու Սաութ Ուելս արձանագրեց 1,164 նոր տեղական փոխանցումներ, 796 արեւմտեան և հարաւ-արեւմտեան Սիտնիի մէջ: Երեք մարդիկ մահացան:
Առողջապահութեան Գլխաւոր Պաշտօնեայ Բժիշկ Քէրրի Չանթ, խնդրեց Guildford, Merrylands, Auburn, Greenacre, Bankstown և Blacktown շրջաններու բնակիչներէն որ քննուին:
Առողջապահութեան նախարար Պրատ Հազարտ խորհուրդ տուաւ 18 տարեկանէն վեր որեւէ անձի որ ստանան ԱսթրաԶենեքա պատուաստը որովհետեւ բաւարար Ֆայզըր պատուաստ չկայ:
Երկուշաբթի օր յայտարարուեցաւ որ Ապօրիճին մարդ մը Տապոյի մէջ առաջին անձն էր որ կը մահանար արեւմտեան Նիու Սաութ Ուելսի մէջ ՔՈՎԻՏ-19-ի ներկայ բռնկումէն:
Վիքթորիա
Վիքթորիա արձանագրեց 76 նոր տեղական փոխանցումներու դէպքեր, ներառեալ 31 որոնք տակաւին կապուած չեն գոյութիւն ունեցող բռնկումներու հետ:
Նահանգապետ Andrews, որ վաղը պիտի յայտարարէ սահմանափակումները մեղմացնելու ծրագրի մը մասին, յայտնեց որ ‘շիտակ պատուաստը այն է որ կրնաք ստանալ’, տեղեկացնելով որ շատ ԱսթրաԶենեքա պատուաստներ կան:
Այժմ 1,000-է աւելի վայրեր կան ներառեալ շարք մը հարկաբաժիններ Մելպըրնի մէջ:
Աւստրալիական Մայրաքաղաքային Հողամաս
ACT արձանագրեց 13 նոր տեղական փոխանցումի դէպքեր, որոնցմէ ութը համայնքին մէջ էին մինչ վարակիչ վիճակի մէջ:
Canberra-ի նոր ՔՈՎԻՏ-19 զանգուածային պատուաստումի բուժարանը պիտի բացուի Australian Institute of Sport Arena-ի մէջ Ուրբաթ օր, 3 Սեպտեմբերին: Արգելափակումը երկարաձգուած է մինչեւ 17 Սեպտեմբեր :
Անցած 24 ժամերը Աւստրալիոյ տարածքին
- Հարաւային Աւստրալիա վերցուց բոլոր սահմանափակումները մարդոց վրայէն որոնք կը ճամբորդեն Հարաւ Արեւելեան Քուինզլանտէն և Katherine-էն Հիւսիսային Հողամասին մէջ:

COVID-19 mental health Source: SBS
Քառանթինի և քննութեան պահանջները կը ղեկավարուին և կը պարտադրուին նահանգային և հողամասի կառավարութիւններուն կողմէ:
Եթէ կը փափաքիք արտասահման ճամբորդել կրնաք առցանց դիմել բացառիկ արտօնութեան համար: Աւստրալիայէն հեռանալու պայմաններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար: Ժամանակաւոր միջոցներ կան միջազգային թռիչքներու վերաբերեալ, որոնք կանոնաւոր կերպով վերատեսութեան կ'ենթարկուին կառավարութեան կողմէ և կը թարմացուին կայքին վրայ:
- Լուրեր և տեղեկութիւններ 60-է աւելի լեզուներով.
- Յարմար ուղեցոյցեր ձեր նահանգի կամ հողամասի համար. , , , , , , .
- Տեղեկութիւն
Այցելեցէք NSW-ի Բազմամշակութային Առողջապահութեան Ծառայութեան թարգմանուած.
Քննութեան բուժարաններ իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի մէջ
Համաճարակի աղէտի վճարումի տեղեկութիւն իւրաքանչիւր նահանգի և հողամասի համար: