Երեքշաբթի օր, Աւստրալիա տեղեկացուց նուազագոյնը 70 ՔՈՎԻՏ-19 մահերու մասին, ներառեալ 40 New South Wales-ի մէջ, 19 Queensland-ի և 11 Victoria-ի մէջ: Նաեւ, Western Australia տեղեկացուց չորս պատմական մահերու մասին:
Australian Capital Territory (ACT) կը շարունակէ հիւանդանոց մնացողներու բարձր թիւեր արձանագրել: 121 մարդիկ հիւանդանոց կը մնան ՔՈՎԻՏ-19-ով բաղդատած 119-ի Երկուշաբթի օր:
ACT առողջապահութեան իշխանութիւններ կը շարունակեն հետազօտել ՔՈՎԻՏ-19 բռնկում մը Քանպերա հիւանդանոցի քաղցկեղի բաժնին մէջ:
Աւստրալիոյ մէջ ՔՈՎԻՏ-19 նոր դէպքերու, հիւանդանոց մնացողներու և մահերու վերջին տուեալներու մասին սեղմեցէք :
Queensland կը շարունակէ արձանագրել հիւանդանոց մնացողներու բարձր թիւեր: Երեքշաբթի օր, նահանգը տեղեկացուց որ ՔՈՎԻՏ-19-ով 593 մարդրիկ կան հիւանդանոցի մէջ, անցած երկու ամիսներու ամենաբարձր թիւը:
Գլխաւոր բժշկական պաշտօնեայ John Gerrard յայտնեց որ նոր ալիք մը կը հարուածէ նահանգը BA.5 և BA.4 դէպքերու աճով: Ան յայտնեց որ BA.5 և BA.4 կը կազմէին նոր դէպքերու 38 առ հարիւրը բաղդատած 2 առ հարիւրի չորս շաբաթ առաջ:
Ան խորհուրդ տուաւ բնակիչներուն որ ստանան իրենց երրորդ և չորրորդ դեղաչափերը եթէ իրաւունք ունին, որովհետեւ կը նախատեսուի որ հիւանդանոց մնացողներու թիւերը աւելնան:
Հետազօտութիւն մը կատարուած National Centre for Immunisation Research and Surveillance (NCRIS) հաստատութեան կողմէ ցոյց տուաւ որ խթանիչ մը կամ երրորդ ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստ մը կը տրամադրէ 65 առ հարիւր աւելի պաշտպանութիւն հիւանդանոց մնալու կամ մահուան դէմ Օմիքրոն տարբերակէն, քան միայն երկու պատուաստներու սրսկումներ:
Հետազօտութիւնը կատարուած էր Աւստրալիոյ մէջ Օմիքրոն ալիքի գագաթնակէտին Յունուար և Փետրուար 2022-ին:
2021 թուականի Մարդահամարի արդիւնքները ցոյց տուին որ անկում կրած են նոր ներգաղթողները 2020-2021 համաճարակի տարիներուն:
Տուեալներուն համաձայն՝ 165,000 մարդիկ ժամանած են 2020 և 2021-ին, բաղդատած 850,000-է աւելի նոր գաղթականնհերու 2017 և 2019 տարիներուն:
Կարդացէք վերաբերեալ
Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը
Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք