Երեքշաբթի օր, Աւստրալիա տեղեկացուց որ նուազագոյնը 52 ՔՈՎԻՏ-19 մահեր կային, ներառեալ 20 Վիքթորիայի մէջ և 16 Նիու Սաութ Ուելսի և 12 Քուինզլանտի մէջ:
Հիւանդանոց մնացողներու թիւերը կը շատնան Australian Capital Territory-ի մէջ 4 Ապրիլէն: ACT տեղեկացուց որ երեքշաբթի օր 80 անձեր կը գտնուէին հիւանդանոցի մէջ:
Աւստրալիոյ մէջ ՔՈՎԻՏ-19 նոր դէպքերու, հիւանդանոց մնացողներու և մահերու վերջին տուեալներու մասին սեղմեցէք :
Արեւմտեան Աւստրալիոյ մէջ մօտիկ շփումները, 18 Մայիսէն սկսեալ, կրնան իրենց ձրի RAT սարքերը ստանալ մեքենայով մտնելի (drive-through) վայրերէ Joondalup-ի, Jandakot-ի և Bassendean-ի մէջ:
Հարաւային Աւստրալիա պիտի բանայ 40 պատուաստումի կեդրոններ դպրոցներու մէջ սկսելով 27 Մայիսէն խթանելու համար 5-11 տարեկան երեխաներու պատուաստումի ցած տոկոսը: Պատուատումի ծրագիրը պիտի գործէ շաբաթական 10 դպրոցներու մէջ միայն Ուրբաթ և Շաբաթ օրերը:
Հարաւային Աւստրալիոյ Գլխաւոր Հանրային Առողջապահութեան Պաշտօնեան Nicola Spurrier յայտնեց որ համաճարակի սկզբնաւորութենէն ի վեր, նահանգին մէջ ինը երեխաներ հիւանդացան paediatric multi-system inflammatory syndrome (PIMS-TS) հիւանդութեամբ:
Professor Spurrier յայտնեց որ PIMS-TS, հազուագիւտ բայց հնարաւոր մահացու ՔՈՎԻՏ-19-ի կողմնակի ազդեցութիւն մըն է, որ կարելի է կանխել պատուաստումի միջոցով:
Պատուաստումի Աւստրալիական Տեխնիկական Խորհրդատուական Խումբը (ATAGI) վերատեսութեան կ'ենթարկէ ապացոյցները որոշելու համար եթէ կը պահանջուի խթանումի սրսկումներ 12-15 տարեկան երեխաներու համար, ներառեալ անոնք որոնք հիւանդութիւններ ունին:
Կարդացէք վերաբերեալ
Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը
Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք