ՔՈՎԻՏ-19 թարմացում. 52 մահեր Աւստրալիոյ մէջ. հիւանդանոց մնացողներու թիւը կը բազմանայ ACT-ի մէջ

Այս, Աւստրալիոյ ՔՈՎԻՏ-19 լուրերու 31 Մայիս 2022-ի թարմացումն է:

Leading epidemiology modellers predict another COVID wave in early June.

Leading epidemiology modellers predict another COVID wave in early June. (file) Source: AAP Image/Brendon Thorne

Երեքշաբթի օր, Աւստրալիոյ մէջ կային նուազագոյնը 52 ՔՈՎԻՏ-19 մահեր, ներառեալ 20 Վիքթորիայի մէջ, 19 Նիու Սաութ Ուելսի մէջ (NSW) և 11 Քուինզլանտի մէջ (QLD): Արեւմտեան Աւստրալիա տեղեկացուց 4 պատմական մահերու մասին:

Բաղդատած նախորդ օրուան, Աւստրալիոյ տարածքին օրական COVID-19 նոր վարակումներու թիւը և հիւանդանոց մնացողներու թիւերը աւելցած են:   

Australian Capital Territory տեղեկացուց որ 93 անձեր հիւանդանոց կը գտնուին ՔՈՎԻՏ-19ով, հողամասի ամենաբարձր թիւը Ապրիլ 4-էն:  

Աւստրալիոյ մէջ ՔՈՎԻՏ-19 նոր դէպքերու, հիւանդանոց մնացողներու և մահերու վերջին տուեալներու մասին սեղմեցէք :
Հեղինակաւոր համաճարակաբաններ կը գուշակեն որ ՔՈՎԻՏ-19-ի նոր ալիք մը պիտի սկսի Յունիսի սկզբնաւորութեան: -ին մէջ վարակաբաններ կը տեղեկացնեն որ  Omicron-ի BA.2 տարբերակի  պատճառած վարակումները կայուն են երկրին մէջ սակայն երկու նոր տարբերակները BA.4 և BA.5 պատճառ պիտի դառնան վարակումներու նոր ալիքի մը:

Վիքթորիա տեղեկացուց որ ձրի տենդախառն հարբուխի պատուաստումներ պիտի տրամադրէ բնակիչներուն որովհետեւ անցեալ շաբաթ վարկուածներու թիւը 30 առ հարիւր աճ արձանագրած էր: Ձրի պատուաստները կարելի է ստանալ 3000 բժիշկներէ և համայնքային դեղարաններէ Յունիս 1-էն մինչեւ 30:

NSW, SA և QLD արդէն յայտարարեցին որ ձրի տենդախառն հարբուխի դեղ պիտի տրամադրեն իրենց բնակիչներուն:

Հարաւային Աւստրալիա (SA) յայտարարեց որ meningococcal հիւանդութեան մէկ դէպք կայ և 13 տարեկան տղայ մը տեղափոխուած է հիւանդանոց: Ութը անձերը որոնց հետ ան մօտիկ շփում ունեցած էր պիտի ստանան հակամարմիններ:  

Մանրէական այս հիւանդութիւնը կրնայ մահացու ըլլալ: Կրնայ ուղեղի, ողնայարի լարի և արեան վարակումներու պատճառ դառնալ:

Ճաբոն թոյլ պիտի տայ որ 98 երկիրներէ զբոսաշրջիկներ Յունիս 10-էն կարենան մուտք գործել երկիր համաճարակի պատճառով երկու տարի փակ մնալէ ետք: Սակայն, այցելուներ կրնան միայն այցելել Ճաբոն եթէ ճամբորդական խումբի մը մաս կը կազմեն:
Կարդացէք վերաբերեալ

Գտէք ՔՈՎԻՏ-19 քննութեան բուժարան մը

Արձանագրեցէք ձեր RAT արդիւնքները այստեղ, եթէ դրական էք

Եթէ ֆինանսական կարիք ունիք, նայեցէք թէ

Այստեղ գտէք օգնութիւն հասկնալու

Կարդացէք ՔՈՎԻՏ-19 տեղեկութիւն ձեր լեզուով այստեղ .

 


Share
Published 31 May 2022 3:53pm
Presented by Vahe Kateb


Share this with family and friends