Քովիտ-19. Առողջական լուրջ խնդիրներ որոնք կրնան քորոնա ժահրը աւելի ծանր դարձնել

Ասոնք են ՔՈՎԻՏ-19-ի ամենանուրբ առողջական որոշ խնդիրները, որոնց պատճառը տկարացած վարակամերժ դրութիւնն է կամ մարմնի տկար փափուկ հիւսուածքը:

Asthma medication

Asthma medication Source: Getty ImagesRgStudio

Լուրջ հիւանդութիւններ ունեցող մարդոց լայն շրջանակ մը, ներառեալ անոնք որոնք ունին սրտի հիւանդութիւն, շաքարախտ, բարձր արեան ճնշում և հեղձանք, աւելի շատ վտանգի տակ կը գտնուին եթէ վարակուին ՔՈՎԻՏ-19-ով: Ժահրին դէմ ախտամերժ դրութեան հակազդեցութեան պատճառով, ժահրը կը քայքայէ թոքի հիւսուածքը և կ'աւելցնէ ներքին բորբոքումը:

Աշխարհի տարածքին, ՔՈՎԻՏ-19 հիւանդներու 70 տոկոսը, որոնց վիճակը ծայրայեղ ծանր էր, ուղեկցող հիւանդութիւններ ունէին:

ՔՈՎԻՏ-19-ի համար, ուղեկցող առողջական ամենաճգնաժամային խնդիրները հետեւեալներն են՝ մնայուն թոքի հիւանդութիւններ, հեղձանք, սրտի հիւանդութիւն, շաքարախտ, լեարդի և երիկամունքի հիւանդութիւններ, և բոլոր բուժումները և դեղերը որոնք կը տկարացնեն ախտամերժ դրութիւնը, ինչպէս քաղցկեղի կամ փոխպատուաստումէ ետք բուժումները:

Հեղձանք (Ասթմա)

Հեղձանքը շնչառական վիճակ մըն է որու պատճառն է շնչուղիներու չափէն աւելի զգայնութիւնը և բորբոքումը, հետեւեալ ախտանշաններով՝ հազ, հզզիւն, կուրծքի պրկութիւն և դժուարաշնչութիւն: Կ'ենթադրուի որ ներկայիս Աւստրալիոյ բնակչութեան 11 տոկոսը ունին այս հիւանդութիւնը: Բնիկ աւստրալիացիներ աւելի հաւանական է որ տեղեկացնեն որ հեղձանք ունին քան ոչ բնիկ աւստրալիացիները: Հեղձանքի նոպայի մը պատճառ կրնայ դառնալ որեւէ բան որ կը գրգռէ շնչուղիները: Մարդիկ որոնք հեղձանքէ կը տարապին, աւելի ուշադիր պէտք է ըլլան որովհետեւ ՔՈՎԻՏ-19 կը հարուածէ նաեւ շնչուղիները:

Յաւելեալ տեղեկութիւն հեղձանքի մասին անգլերէնով կարելի է գտնել

Թոքի այլ հիւանդութիւններ

Աւստրալիոյ մէջ հեղձանքէ բացի թոքի այլ գերիշխող հիւանդութիւններն են՝ asbestosis, bronchiectasis, cystic fibrosis, փքուռոյց, թոքի քաղցկեղ, pleural effusion, թոքափառատապ, շնչառական սիլիքոզ և թոքախտ:  

Թոքի հիւանդութեան վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւն անգլերէնով գտնել

Սրտի Հիւանդութիւն

Համաշխարհային հետազոտութիւնը ցոյց կ'ուտայ որ մարդիկ որոնք սրտանոթային հիւանդութիւն ունին, աւելի շատ վտանգի տակ կը գտնուին ՔՈՎԻՏ-19-ով մահանալէ քան սովորական բնակչութիւնը, ոչ անոր համար որ վարակուելու աւելի հաւանականութիւն ունին, այլ որովհետեւ աւելի շատ հաւանականութիւն ունին լուրջ հիւանդութեամբ մը հիւանդանալու: ՔՈՎԻՏ-19 պատճառ կը դառնայ սրտի մկանի սուր բորբոքումի որ իր կարգին պատճառ կը դառնայ սրտի վնասի և կ'առաջացնէ սրտի կաթուած:  

՝ մարզանք ընել, հաւասարակշռուած սնունդ ստանալ, ջուր խմել և լաւ քնանալ: Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութիւնը կ'առաջարկէ շաբաթական 150 վայրկեան չափաւոր-ուժգնութեան կամ 75 վայրկեան կորովի-ուժգնութեան ֆիզիքական գործունէութիւն:

Շաքարախտ

Շաքարախտ ունեցող մարդիկ յաւելեալ առողջական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն: Շաքարախտ Աւստրալիա կը յանձնարարէ ստանալ հարբուխի պատուաստը, ունենալ հիւանդութեան օրուայ կառաւարումի ծրագիր մը  և կարգաւորել արեան կլուքոզի մակարդակը: Շաքարախտ ունեցող մարդիկ հարբուխի հետեւանքով աւելի սուր բարդութիւններու աւելի շատ վտանգի տակ կը գտնուին և աւելի հաւանական է որ լուրջ շնչառական հիւանդութիւններ ունենան քան մարդիկ որոնք շաքարախտ չ'ունին: Շաքարախտը պատճառ կը դառնայ որ վարակամերժ դրութիւնը չկարենայ դիմակայել ժահրային վարակումներուն և թոքերուն մէջ հնարաւոր երկրորդական պակդէրիական վարակումին: 2-րդ տիպի շաքարախտով հիւանդներ շատ գէր են և չափէն աւելի գէրութիւնը լուրջ վարակումներու վտանգաւոր գործօն է:  

Շաքարախտի և ՔՈՎԻՏ-19-ի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար անգլերէնով

Լեարդի հիւանդութիւններ

Մարդիկ որոնք կ'ապրին լերդաբորբ B կամ C- ով, կամ որեւէ այլ լեարդի հիւանդութեամբ պէտք է օգտագործեն նոյն պաշտպանիչ միջոցները որ խորհուրդ կը տրուի ընդհանուր բնակչութեան: Աչալուրջ եղէք և հետեւեցէք յանձնարարուած միջոցներուն պաշտպանելու համար ինքզինքնիդ ՔՈՎԻՏ-19-ի դէմ: Լեարդի զգալի հիւանդութեամբ մարդոց խորհուրդ կը տրուի որ ընդունին պատուաստներ հարբուխի և pneumococcal հիւանդութեան դէմ:

  • Յաւելեալ տեղեկութիւն լերդաբորբի և ՔՈՎԻՏ-19-ի մասին անգլերէնով
  • Յաւելեալ տեղեկութիւն ՔՈՎԻՏ-19 և մնայուն լերդաբորբ B-ի մասին
  • Յաւելեալ տեղեկութիւն ՔՈՎԻՏ-19 և մնայուն լերդաբորբ C-ի մասին
Երիկամունքի հիւանդութիւն

Երիկամունքի հիւանդութիւն ունեցող մարդիկ պէտք է ուշադիր ըլլան, որ ինչպէս հարբուխին հետ, անոնք քորոնա ժահրին հետեւանքով աւելի ծանր ախտանիշներու և բարդութիւններու աւելի շատ վտանգի տակ կը գտնուին: ՔՈՎԻՏ-19 կրնայ ազդել երիկամունքի աշխատանքին վրայ եթէ հիւանդը ինքզինքը լաւ չի զգար, ջրազրկուած է կամ երկրորդական վարակում ունի:  

Յաւելեալ տեղեկութիւն անգլերէնով ՔՈՎԻՏ-19-ի և երիկամունքի հիւանդութեան մասին

Քաղցկեղի բուժում

Քաղցկեղ ունեցող մարդոց վարակամերժ դրութիւնը աւելի տկար կ'ըլլայ և պէտք է շարունակեն հետեւիլ առողջապահութեան խնամքի իրենց մասնագէտներու յատուկ խորհուրդին և զգուշութեան, բուժումի ժամանակ և վերջը, նուազեցնելու համար վարակումի վտանգը: Կենսական է տուն մնալ որչափ կարելի է շատ և խուսափիլ ոչ անհրաժեշտ ճամբորդութիւններէ և հանրային փոխադրամիջոցներէ: Հիւանդի վարակամերժ դրութիւնը, նման կացութեան մէջ կը գտնուի ինչ որ փոխպատուաստումի գործողութենէ ետք խնամքի ժամանակ:

Յաւելեալ տեղեկութիւն քաղցկեղի աջակցութեան մասին անգլերէնով



 

Աւստրալիոյ մէջ մարդիկ պէտք է նուազագոյնը 1,5 մեդր հեռու մնան ուրիշներէ: Քննեցէք ձեր նահանգի սահմանափակումները հաւաքոյթներու վերաբերեալ:  

Քորոնա ժահրի ստուգումը այժմ մատչելի է Աւստրալիոյ տարածքին: Եթէ պաղառութեան կամ հարբուխի ախտանշաններ ունիք,  ստուգում կազմակերպեցէք հեռաձայնելով ձեր բժիշկին կամ Քորոնավայրըս Առողջութեան Տեղեկութեան Թէժ Գիծին 1800 020 080.  

Դաշնակցային կառավարութեան քորոնա ժահրը յայտնաբերող հաւելուածը  COVIDSafe կարելի է ներբերել ձեր հեռաձայնի app store-էն: 

SBS յանձնառու է տեղեկացնելու Աւստրալիոյ տարբեր համայնքները ՔՈՎԻՏ-19-ի վերջին զարգացումներու մասին: Լուրեր և տեղեկութիւն կը տրամադրուի 63 լեզուներով՝ .

 


Share
Published 7 May 2020 8:44pm
By SBS RADIO
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS

Share this with family and friends