Անգլերենով ՔՈՎԻՏ-19 թարմացումներու համար այցելել. COVID-19 Պատուաստը Աւստրալիոյ մէջ![]() COVID-19 vaccine national roll-out strategy Source: Australian Government - Department of Health Գիտնալու համար եթէ կրնաք ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստ մը ստանալ և ուր կրնաք գրանցուիլ ժամադրութեան մը համար այցելել. Եթէ 40 տարեկան էք կամ աւելի մեծ, պատուաստուելու իրաւունք ունիք: Որոշ անձեր որոնք 16-էն 39 տարեկանի միջեւ են, նոյնպէս պատուաստումի իրաւունք կրնան ունենալ: Կրնաք ժամադրութիւն առնել ձեր բժիշկին հետ և պատուաստի վերաբերեալ տեղեկութիւն կրնաք գտնել այստեղ՝ Որոնք՞ են յանձնարարուած պատուաստներըՔՈՎԻՏ-19 AstraZeneca պատուաստը կարելի է նաեւ տրամադրել մարդոց որոնք 18-էն 59 տարեկանի միջեւ են: Եթէ իրաւունք չ'ունիք, և 18 տարեկան էք կամ աւելի մեծ, կրնաք խնդրել որ ձեզի տեղեկացնեն երբ իրաւունք կ'ունենաք: 16 տարեկանէն վար անձեր տակաւին իրաւունք չ'ունին պատուաստումի Աւստրալիոյ մէջ: ՔՈՎԻՏ-19-ի հետ կապուած մտային առողջութեան աջակցութիւնԱւստրալիական կառավարութիւնը, Քովիտ-19-ի հետ առնչութիւն ունեցող մտային առողջութեան օգնութիւն կարգադրեց, մտային առողջապահութեան առցանց "" հարթակի միջոցով, տեղեկութիւն և ուղղութիւն տրամադրելու թէ ինչպէս պէտք է պահել մտային առողջութիւնը քորոնա ժահրի համաճարակի և ինքնա-մեկուսացումի ժամանակ: ծրագիր մըն է որ կը ղեկավարուի Mental Health Australia-ի կողմէ և կը կեդրոնանայ մտային առողջութեան վրայ մարդոց, որոնք մշակութային և լեզուական տարբեր ծագում ունին, անոնց տրամադրելով միջոցներ, ծառայութիւններ և տեղեկութիւն մշակութային մատչելի ձեւաչափով: Եթէ կարիք ունիք ձեր լեզուով մտային առողջութեան օգնութեան հեռաձայնեցէք TIS National 131 450 համարին կամ այցելել թարգմանիչ մը կարգադրելու համար: TIS National 100-է աւելի լեզուներով թարգմանութիւններ կը տրամադրէ և մատչելի է օրական 24 ժամ, շաբաթական 7 օր, տեղական հեռախօսազանգի գինով: Մտային առողջութեան վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք : Ֆինանսական դժուարութիւններ (Համաճարակային Արձակուրդի Աղէտի Վճարում)Դաշնային Կառավարութիւնը վճարովի համաճարակային արձակուրդի ( համար «աղէտի վճարում» ունի: Վճարումը կը վերաբերի այն աշխատաւորներուն որոնք չեն կրնար եկամուտ ունենալ որովհետեւ ինքնամեկուսացման մէջ են կամ մեկուսացման տակ, կամ կը խնամեն ՔՈՎԻՏ-19-ը ունեցող մէկը: Իւրաքանչիւր նահանգի կամ հողամասի մէջ Համաճարակային Արձակուրդի Աղէտի վերաբերեալ տեղեկութեան համար սեղմեցէք վարը նշուած կապերը. ՔՈՎԻՏ 19-ը ինչպէ՞ս կը տարածուի եւ ինչպէ՞ս կարելի է կանխել
Եթէ ախտանշաններ զգաք, քննութեան ենթարկուեցէք
Իշխանութիւնները Ախտանշանի Ստուգիչ () մը մշակած են որը դուք կրնաք տունէն օգտագործել: Պսակաժահրի համար յատուկ բուժում գոյութիւն չունի, բայց ախտանշաններուն մեծ մասը կարելի է բուժել օժանդակ բժշկական խնամքով: Մանրէասպան դեղերը արդիւնաւէտ չեն ժահրին դէմ: Եթէ ախտանշաններ յայտնուին, պէտք է քննութեան ենթարկուիք: Եթէ կը փափաքիք ձեր ախտանշաններուն մասին մէկու մը հետ խօսիլ, խորհուրդ ստանալու համար հեռաձայնեցէք Ազգային Պսակաժահրի Օգնութեան Գիծ (National Coronavirus Helpline): Գիծը կը գործէ օրական 24 ժամ, շաբաթը եօթը օր. 18000 020 080: Ու՞ր կրնաք քննութեան ենթարկուիլՄի՛ երթաք հանրային վայրեր ինչպէս գործի, դպրոց, առեւտուրի կեդրոններ, երեխաներու խնամքի վայրեր կամ համալսարան: Մէկէ մը խնդրեցէք որ ձեզի համար ուտելիք եւ այլ անհրաժեշտ իրեր բերէ եւ ձեր դռան մուտքին թողու: Այցելուներ ներս մի՛ ընդունիք – ձեր տան մէջ պէտք է ըլլան միայն այն անձերը որոնք սովորաբար ձեզի հետ կը բնակին : Ո՞վ աւելի շատ ենթակայ է լուրջ հիւանդութեան
Աւստրալիոյ որոշ նահանգներ եւ հողամասեր կը յանձնարարեն կամ կը պահանջեն դիմակ գործածել: Եթէ ձեր նահանգին կամ հողամասին պարագաները փոխուին, դիմակներու վերաբերեալ խորհուրդը ստիպուած կրնայ ըլլալ փոխուելու: Կարեւոր է տեղեակ մնալ ձեր տեղական շրջանին մէջ վերջին խորհրդատուութեան մասին: Դիմակի վերաբերեալ վերջին խորհուրդներու մասին տեղեակ մնալու հանար հետեւեցէք ձեր տեղական կառավարութեան թարմացումներուն.
Նահանգներ եւ հողամասեր կրնան կիրառել իրենց սահմանափակումները, ներառեալ գոցել իրենց պետական սահմանները: Տուեալներու պարտադիր հաւաքագրում 1 Հոկտեմբեր 2020-էն սկսեալ ներքին թռիչքներու վերաբերեալ տուեալներու պարտադիր հաւաքագրում գոյութիւն ունի, շփման հետապնդումի ժամանակ նահանգներուն եւ հողամասերուն օգնելու նպատակով. անուն, Ե նամակի հասցէ, բջջային հեռախօսահամար մը եւ բնակած նահանգը: Հանրային Փոխադրամիջոց Ազգային սկզբունքներ Հանրային փոխադրամիջոցներու սպասարկութիւնները նահանգներուն եւ հողամասերուն պատասխանատուութիւնն են, եւ Ազգային Խորհրդարանը շարք մը սկզբունքներ կը վաւերացնէ հանրային փոխադրամիջոցներու աշխատաւորներուն եւ ճամբորդներուն առողջութեան ու ապահովութեան կառավարման օգնելու համար, ներառեալ, չի ճամբորդել երբ վատ կը զգաք, ֆիզիքական հեռաւորութիւն պահպանել վարորդներէն եւ այլ ճամբորդներէն, եւ խուսափիլ կանխիկ դրամ գործածելէ: Ճամբորդութեան սահմանափակումներ Միջազգային թռիչքներու համար կան ժամանակաւոր միջոցներ որոնք պարբերաբար կը վերանայուին կառավարութեան կողմէ: Սա կրնայ ազդել դէպի Աւստրալիա ձեր թռիչքին: Տեղեկութիւնը յաճախակի կը փոխուի: Յաւելեալ տեղեկութեան համար ստուգեցէք -ի վերջին թարմացումը: Մեկուսացման (Quarantine) եւ քննութեան պահանջները կը կառավարուին եւ կը կիրարկուին նահանգներու եւ հողամասերու կառավարութիւններուն կողմէ.
Կառավարական տեղեկութիւն
Աւստրալիոյ մէջ մարդիկ պէտք է նուազագոյնը 1,5 մեդր հեռու մնան ուրիշներէ: Ստուգեցէք ձեր նահանգի սահմանափակումները հաւաքոյթներու չափերու շուրջ: Եթէ պաղառութեան կամ հարբուխի ախտանշաններ ունիք, ստուգում կազմակերպեցէք հեռաձայնելով ձեր բժիշկին կամ Քորոնավայրըս Առողջութեան Տեղեկութեան Թէժ Գիծին 1800 020 080: Էս Պի Էսի կողմէ լուր և տեղեկութիւն կը տրամադրուի 63 լեզուներով- Կը խնդրուի ստուգել ձեր նահանգի կամ հողամասի համապատասխան ուղեցոյցները. , , , , , , . |
Feature
ՔՈՎԻՏ-19 Աւստրալիոյ մէջ. Տեղեկութիւն որ պարտադիր է իմանալ ձեր լեզուով
ՔՈՎԻՏ-19 տեղեկութիւններու սոյն հաւաքածոն, կը պարունակէ կարեւոր տեղեկութիւններ ձեր թեզուով:

Testing temperature for COVID-19 Source: Getty Images
Share
Published 25 March 2020 5:04pm
Updated 12 August 2022 3:03pm
By SBS Audio, Language Content
Source: SBS
Share this with family and friends