ՔՈՎԻՏ-19. Որքա՞ն սովորական է անախտանիշ ըլլալը եւ պէտ՞ք է մտահոգուինք

Երկու նոր ուսումնասիրութիւններ յայտնաբերեցին որ զգալի թիւով դրական քորոնա ժահրի դէպքեր որեւէ ախտանիշ չ'ունէին: Մասնագէտներ տարակարծիք են եթէ բոլորս պէտք է ստուգուինք չնայած ախտանիշ ունինք կամ ոչ:

Victoria records seven new coronavirus cases and two deaths

Source: Getty Images

Արդէն տեղեակ ենք թէ պէտք է  զգուշանանք, բարձր ջերմութենէն մինչեւ չոր հազ, շնչառութեան դժուարութիւն կամ նոյնիսկ հոգնութիւն:   

Տարբեր երկիրներու մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարուեցան հետազօտելով ՔՈՎԻՏ-19-ի անախտանիշ երեւոյթը, Իսլանտայէն մինչեւ Ճաբոն, Չինաստան և այստեղ Աւստրալիա:

JAMA Network Open ուսումնասիրութեան մը մէջ, Չինաստանի մէջ հետազօտողներ յայտնաբերեցին որ 78 հիւանդներէն, 42.3 առ հարիւրը ախտանշան չ'ունէին:  

Աւստրալիացի հետազօտողներու կողմէ տարբեր ուսումնասիրութիւն մը, հրապարակուած Thorax-ի կողմէ, յայտնաբերեց որ Կրէկ Մորդիմեր զբօսանաւին վրայ գտնուող 217 անձերէն, ՔՈՎԻՏ-19-ով վարակուած 10 անձերէն 8-ը, անախտանիշ էին:  

Հանրային մեծ աղմուկէ ետք, Չինաստան տեղեկացուց որ 1300-է աւելի անախտանիշ քորոնա ժահրի դէպքեր կային:

Ինչ՞ են նախախտանիշ և անախտանիշ փոխանցումները

Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութիւնը երկուքին միջեւ :  

Նախախտանիշայինը շփման մէջ մտնելէ ետք շրջանն է բայց առաջ որ ժահրի ախտանիշները յայտնուին: 

Սակայն նույնիսկ առանց ախտանշաններու, չի նշանակեր որ հնարաւոր փոխանցում չկայ: Ուսումնասիրութիւններ եղած են մարդոց, որոնք դրական արդիւնք տուած են, ախտանիշներ ցուցաբերելէ մէկէն երեք օր առաջ:  

Անախտանիշ փոխանցումը կը պատահի երբ ժահրը կը տարածուի անձէ մը որ ՔՈՎԻՏ-19-ի ախտանիշ չ'ունի:  

Ուրեմն մասնագէտներ ինչ՞ կը մտածեն նոր կատարուած ուսումնասիրութիւններուն մասին:

Փրոֆէսօր Րայնա Մաքընթայր, Քըրպի Հիմնարկի Կենսա-ապահովութեան Ծրագրի ղեկավարը, կ'ըսէ որ “զգալի փաստ կայ որ անախտանիշ և նախախտանիշ ՔՈՎԻՏ-19 վարակումը սովորական է”:

Ան կը վկայակոչէր տարեցներու խնամքի և այլ բռնկումներու ուսումնասիրութիւնները, որոնք  “յայտնաբերած էին նաեւ որ բոլոր դրական դէպքերու 50 առ հարիւրը կամ աւելին անախտանիշ են”:

Մայիսի սկզբնաւորութեան, Մելպըրնի թաղամասերէն Պաքքուս Մարշի Կրանդ Լոճ տարեցներու խնամքի տան մէջ, անախտանիշ աշխատող մը դրական արդիւնք տուաւ:

“Այս նիւթի մասին աւելի երկար պէտք չէ բանավիճել: Համաճարակի պայմաններու մէջ մեծ վտանգ ներկայացնող շփումները ըլլան անոնք ընտանեկան շփումներ կամ փակ միջավայրի մէջ բռնկում, պէտք է ստուգուի չնայած ախտանիշներուն կամ դէպքերը պիտի փախցնենք”, կ'ըսէ Փրոֆէսօր Մաքընթայր:

“Մարդիկ 10-14 օրէն հակամարմին կը զարգացնեն, որով զարմանալի չէ որ հակամարմիններու վրայ հիմնուած արագ ստուգումը սահմանափակ կիրառելի էր սուր բռնկումի ժամանակ”:

Որոշ մասնագէտներ այդչափ ալ վստահ չեն անախտանիշ ՔՈՎԻՏ-19-ի դէպքերու բնոյթի վերաբերեալ:

Սանճայա Սենանայաքէ  վարակիչ հիւանդութիւններու մասնագէտ մըն է Աւստրալիական Ազգային Համալսարանին մէջ:

Ան յղում կատարեց Չինաստանէն ուսումնասիրութեան մը ուր իշխանութիւններ եզրակացուցին որ ախտանիշ չցուցաբերող անձեր հնարաւոր է որ ինքզինքին մեկուսացուցած չեն որովհետեւ ախտանիշներ չ'ունէին:

Փետրուարին, յայտնաբերեց որ անախտանիշ հիւանդներու մեծ մասը ախտանիշներ ունեցան ստուգումներու ժամանակ: Փրոֆէսօր Սենանայաքէ վստահ չէ եթէ հետազոտութեան մէջի այդ հիւանդները հիւանդացան կամ ոչ:

“Այստեղ ուրիշ սահմանափակում մը եւս կայ որ հեղինակները կ'ընդունին, այն թէ որքան ճշգրիտ են անձերու ստուգումները որոնք ախտանիշներ չ'ունէին: Հնարաւոր՞ է որ նոյնիսկ եթէ բոլորովին անհանգիստ չէին սակայն ինքզինքնին 100 տոկոսով լաւ չէին զգար, օրինակ՝ երբ հանգիստ կ'ընէին հանգիստ էին բայց չէին ուզէր մարզանք ընել ևն":

Իսլանտա, յայտնաբերեց որ ստուգուած մարդոց 50 առ հարիւրը դրական արդիւնք ցոյց տուին բայց առանց ախտանշաններու, Ճաբոնի մէջ 30.8 տոկոսը նման արդիւնք տուին մինչ արդիւնքը 80 առ հարիւր էր Չինաստանէն տարբեր ուսումնասիրութիւններու մէջ:

Այլ խօսքերով, չորս անախտանիշ մանրէակիրներ կային իւրաքանչիւր հիւանդ ճամբորդի համար

Կրէկ Մորդիմեր զբօսանաւի հետազոտութիւնը, ուր 96 աւստրալիացիներ կային, յայտնաբերեց որ նաւուն վրայ գտնուող 217 մարդոցմէ 128-ը ՔՈՎԻՏ-19-ով վարակուած էին: Ժահրով վարակուածներէն, 104-ը ախտանիշ ցոյց չէին տար, որ ստուգուած դրական դէպքերու 81 առ հարիւրն էր:

Փրոֆէսօր Իվո Մուլըր համաճարակաբան մըն է Ուոլթըր և Էլայզա Հոլ Բժշկական Հետազօտութեան Հիմնարկին մէջ:

“Այլ խօսքերով, չորս անախտանիշ վարակուածներ կային իւրաքանչիւր հիւանդ ճամբորդի համար: Եթէ այս նոյն ձեւով ուրիշ տեղ կրկնուի, այս կը նշանակէ որ երկիրներու մէջ որոնք կը ստուգեն միայն ախտանիշ ունեցողները, վարակումներու իսկական թիւը ներկայիս յայտարարուածէն հինգ անգամ աւելի կրնայ ըլլալ”, յայտնեց Փրոֆէսօր Իվո Մուլըր:

Փրոֆէսօր Մուլըր կ'ըսէ որ այժմ “անհետաձգելի առաջնութիւն պէտք է ըլլայ գիտնալը թէ իսկապէս որքան վարակիչ են անախտանիշ վարակուած անձերը”:



Աւստրալիոյ մէջ մարդիկ պէտք է նուազագոյնը 1,5 մեդր հեռու մնան ուրիշներէ: Քննեցէք ձեր նահանգի սահմանափակումները հաւաքոյթներու վերաբերեալ:

Քորոնա ժահրի ստուգումը այժմ մատչելի է Աւստրալիոյ տարածքին: Եթէ պաղառութեան կամ հարբուխի ախտանշաններ ունիք, ստուգում կազմակերպեցէք հեռաձայնելով ձեր բժիշկին կամ Քորոնավայրըս Առողջութեան Տեղեկութեան Թէժ Գիծին 1800 020 080.

Դաշնակցային կառավարութեան քորոնա ժահրը յայտնաբերող COVIDSafe հաւելուածը կարելի է ներբեռնել ձեր հեռաձայնի app store-էն:

SBS յանձնառու է տեղեկացնելու Աւստրալիոյ տարբեր համայնքները ՔՈՎԻՏ-19-ի վերջին զարգացումներու մասին: Լուրեր և տեղեկութիւն կը տրամադրուի 63 լեզուներով՝

 


Share
Published 1 June 2020 8:18pm
By Ahmed Yussuf
Presented by Vahe Kateb


Share this with family and friends