Երկուշաբթի 17 Յունիս 2019-էն սկսեալ դիտողներ որոնք ներկայիս SBS VICELAND–ը կը դիտեն թիւ 32 կայանէն, պէտք է անցնին 31րդ կայան որպէսզի շարունակեն դիտել կայանը:
Այս փոփոխութիւնը կը կատարուի՝ 32րդ կայանին վրայ of SBS World Movies-ի մեկնարկին պատրաստուելու համար: 1 Յուլիս 2019-էն, SBS World Movies-ը հասանելի պիտի ըլլայ բոլոր Աւստրալիացիներուն՝ անվճար, եւ HD-ով:
Ի՞նչ է SBS World Movies-ը
SBS World Movies-ը, 1 Յուլիս 2019-էն սկսեալ իրականացուելիք՝ 24 ժամեայ հեռատեսիլի կայան մըն է: SBS World Movies-ը պիտի ներկայացնէ աշխարհի շարժապատկերներուն լաւագոյնը, զօրացնելով՝ այլազան միջազգային շարժանկարները Աւստրալիական հանդիսատեսներուն բերելու SBS-ի 25-ամեայ ժառանգութիւնը: Կայանը պիտի ներկայացնէ ամէն ինչ, Եւրոպական արուեստի տուներու շարժապատկերներէն մինչեւ Պօլիվուտեան շարժապատկեր, սիրային կատակերգութիւններէն մինչեւ կենդանապատկեր, եւ շատ աւելին: SBS World Movies-ը պիտի դառնայ տուն՝ նախասիրուած մրցանակակիրներու եւ սիրուած նոր թողարկումներու՝ որոնց խորագիրներուն շուրջ կէսը Անգլերէնէ բացի այլ լեզուներով կը ցուցադրուին:
Ի՞նչ կը պատահի SBS VICELAND թիւ 32 կայանին
SBS VICELAND-ը նախապէս հասանելի էր երկու կայաններէն՝ թիւ 32, Նախնական Սահմանման (Standard Definition) (SD) եւ թիւ 31, Բարձր Սահմանման (High Definition) (HD): Երկուշաբթի 17 Յունիս 2019-էն սկսեալ, SBS VICELAND-ը այլեւս պիտի չի հեռարձակէ թիւ 32 կայանէն, բայց պիտի շարունակէ մատչելի ըլլալ թիւ 31 կայանէն: Անոնք որ կը դիտեն SBS VICELAND-ը թիւ 32 կայանէն, պէտք է անցնին թիւ 31 կայան որպէսզի կարենան շարունակել դիտել, կամ շարունակեն դիտել SBS VICELAND-ի ծրագիրը SBS On Demand-ի վրայ:.
1 Յուլիս 2019-էն սկսեալ թիւ 32 կայանը (նախապէս SBS VICELAND SD) պիտի դառնայ՝ SBS World Movies.
SBS-ը պիտի դադրեցնէ՞ որեւէ կայաններ կամ սպասարկութիւններ
SBS-ը չի դադրեցներ որեւէ սպասարկութիւններ կամ կայաններ –SBS World Movies-ի թիւ 32 կայանէն անվճար հեռարձակումի մեկնարկման միջոցով, մենք Աւստրալիացիներուն աւելի շատ ընտրութիւն կը բերենք, շարունակելով հանդերձ մեր ներկայիս մատուցած սպասարկութիւնները:
Ի՞նչպէս կարող եմ դիտել SBS VICELAND-ը
SBS VICELAND-ը պիտի շարունակէ հեռարձակել թիւ 31 կայանէն սովորականին պէս, եւ ծրագրաւորումը եւս նոյնպէս պիտի շարունակէ հասանելի ըլլալ SBS On Demand-ի վրայ:.
Թիւ 31-ը HD կայան մըն է, եւ կրնայ ըլլալ որ կարգ մը հեռուստադիտողներ պէտք ունենան իրենց հեռատեսիլները ներդաշնակելու, որպէսզի կարենան դիտել: Եթէ ձեր հեռատեսիլը HD MPEG-4 համատեղելի չէ, դուք դեռ կարող էք դիտել SBS VICELAND-ի ծրագիրը SBS On Demand-ի վրայ:.
Ի՞նչպէս կարող եմ դիտել SBS World Movies-ը
Եթէ պէտք ունենաք հեռատեսիլը ներդաշնակելու, հետեւեալները հիմնական հրահանգներ են, եւ կապուած չեն որեւէ յատուկ մոտելի կամ ապրանքանիշի:. Ցուցակի նկարագրութիւնները կամ պիտակները կրնան տարբերիլ ձեր սարքին համեմատ:
1. Սեղմէ “menu” կամ “home” կոճակը տեսնելու համար սարքի կառավարման վահանակը:
2. Գտիր “digital auto tuning” կամ “digital channel search” տարբերակները:
3. Ընտրէ “start” կամ “search”: Ներդաշնակումը ընդհամէնը մի քանի վայրկեան պիտի տեւէ:
Եթէ կը կասկածիք, դիմեցէք ձեր հեռատեսիլի բացատրողական գրքոյկին՝ ինչպէս ներդաշնակելու համար, կամ ձեր հեռատեսիլը արտադրողին:
Եթէ յաւելեալ օգնութեան կարիքը ունիք, կարող էք նաեւ հեռաձայնել SBS, 1800 500 727 թիւին, գործի ժամերուն: