Պատուաստներու մշակման արագութիւնը զարմացուցած է աշխարհի մեծ մասը:
Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները արտակարգ անհրաժեշտութեան պարագայի հաւանութիւն տուած են Pfizer/BioNTech պատուաստին, եւ այժմ Մոտերնա պատուաստը ՄՆու մէջ - –, ուր խոցելի համայնքները արդէն կը ստանան պատուաստը:
Եւ Աւստրալիոյ մէջ ՔՈՎԻՏ-19-ի դէպքերու աճի հետեւանքով, շատերուն կը հետաքրքրէ թէ այստեղ ե՞րբ պիտի սկսի պատուաստի տարածումը:
Դաշնային կառավարութիւնը հաւաստիացուցած է հանրութեան որ պատուաստը կու գայ, եւ սկսած է պատրաստել բաշխման համապարփակ ծրագիր մը՝ 2021 թուականի առաջին քարորդին մէջ, բայց ոչինչ հաստատ է: Սա է ինչ որ մենք գիտենք մինչեւ հիմա:
Աւստրալիան ինչու՞ դեռ պատուաստ մը չէ վաւերացուցած
Հարաւային Աւստրալիոյ Համալսարանի համաճարակաբան Փրոֆեսօր Էտրիըն Էսթըրմէն յայտնեց որ պատասխանը պարզ էր. աճապարելու կարիք չկայ:
Ան ըսաւ որ կարեւոր է յիշել թէ՝ Pfizer/BioNTech պատուաստը Միացեալ Թագաւորութեան եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ստացած է միայն «արտակարգ անհրաժեշտութեան պարագայի հաւանութիւն», այսինքն, երրորդ աստիճանի փորձարկումները դեռ չեն աւարտած, բայց պահանջը պարզապէս չափազանց մեծ է սպասելու համար:

Allergic reactions to the Pfizer/BioNtech vaccine are said to be incredibly rare. Source: Photonews
«Այս արտակարգ իրավիճակի օգտագործումը անսովոր է, բայց քանի որ ՄԹ-ը եւ ՄՆ-ը այնքան դաժան կացութիւններու մէջ կը գտնուին ՔՈՎԻՏ-19-ով, որ իսկապէս չէին կրնար աւելի երկար սպասել... եւ այդ բաւականին արդար է» ըսաւ ան:
Աւստրալիան ե՞րբ պիտի սկսի պատուաստումները
«Մեր կարգաւորող մարմինը [the Therapeutic Goods Administration] կը նախընտրէ սպասել փորձարկումներու ամբողջական արդիւնքները ստանալու համար, զգուշութեամբ նայիլ անոնց, վստահ հաւանութիւն տալ, այնուհետեւ կրնանք սկսիլ պատուաստել» ըսաւ Փրոֆեսոր Էսթըրմէն, խօսելով Սիտնիի մէջ տեղական-ստացուած դէպքերու բռնկումէն առաջ:
.Ան կ'ակնկալէ որ Pfizer/BioNTech պատուաստին համար այդ տեղի կունենայ 2021թուականի «Մարտի մօտերը»:
Ո՞վ առաջ պիտի պատուաստուի
Աւստրալիոյ գլխաւոր բժիշկի տեղակալ Բօլ Քելի հաստատած է թէ պատուաստները պիտի տրուին առաջնահերթ խումբերու կարգով, առաջին նախապատուութիւնը ըլլալով տարեցները եւ անոնք որոնք առողջապահութեան հիմնական խնդիրներ ունին:
Ան յայտնեց որ վարակի ազդեցութեան ենթարկուելու բարձր վտանգ ունեցողները, օրինակ առողջապահական մարզին եւ տարեցներու խնամատարութեան մէջ աշխատողները ցանկին մէջ երկրորդը պիտի ըլլան, որոնց պիտի յաջորդեն արտակարգ իրավիճակներու ծառայողները եւ անհրաժեշտ աշխատողները:
Պատուաստի ո՞ր թեկնածուներուն մէջ Աւստրալիան ներդրումներ կատարած
Քուինզլէնտ Համալսարանի պատուաստի թեկնածուէն հրաժարուելու որոշումի լոյսին տակ, Աւստրալիական կառավարութիւնը այժմ երեք տարբերակ ունի: Բոլորն ալ ամենայն հաւանականութեամբ, իւրաքանչիւր անձի համար երկու դեղաչափ պիտի պահանջեն, եւ պէտք է 25 միլիոն եւ աւելի բնակչութեան համար բաւարար ըլլան:
AstraZeneca

Source: SBS News
«Այս պատուաստը մենք կը կոչենք ժահրային միջաշառաւիղ (viral vector): Ան մեզ վարակելու համար սեւակապիկի (chimpanzee) ժահր մը կ'օգտագործէ, որը անվնաս է, եւ ապա կու տայ պատուաստը» ըսաւ Փրոֆեսոր Էսթըրմէն:
Աւստրալիական կենսա-արուեստագիտութեան– biotechnology – CSL ընկերութիւնը յանձն առած է պատրաստել այս տարբերակի 50 միլիոն դեղաչափեր այստեղ՝ Մելպուրնի մէջ: Ան արդէն սկսած է արտադրութեան գործընթացը, բայց, նախ քան գործադրումը, պէտք է սպասէ որ AstraZeneca-ն կարգաւորիչ հաւանութիւն ստանայ:
Novavax

Source: SBS News
Փրոֆեսոր Էսթըրմէնի ըսելով, այդ «սպիտակուցային պատուաստ» (protein vaccine) կը կոչուի, փորձուած եւ փորձարկուած մեթոտ մը, որ ինք կ'ակնկալէ թէ նոր տարուան մէջ պիտի վաւերացուի:
«Անոնք հենց Սեպտեմբերին սկսան փորձարկման երրորդ փուլը» ըսաւ ան:
«Այնպէս որ դարձեալ, այդ իսկապէս հասանելի պիտի չ'ըլլայ հաւանաբար առնուազն մինչեւ գալ տարի Մայիս կամ Յունիս»:
Pfizer/BioNTech

Source: SBS News
Բայց այս պատուաստը եթէ նոյնիսկ փաստուի որ ազդեցիկ է նախ, երկու դեղաչափի անհրաժեշտութեամբ, միայն 5 միլիոն Աւստրալիացիներու հասանելի պիտի ըլլայ:
Աւստրալիական Բժշկական Ընկերակցութեան փոխ նախագահ Տր Քրիս Մօյ յայտնեց որ դաշնային կառավարութեան կողմէ բազմաթիւ համաձայնութիւններ ապահովելու ռազմավարութիւնը էական էր:
«Անկեղծօրէն, խնդիրը կը փորձէր խոչընդոտել մեր գրաւները որպէս ազգ կարենալ մատչելիութիւն ունենալու պատուաստներուն, որոնք յաջողելու ամենաշատ հաւանականութիւնը ունին», ըսաւ ան: «Կարելի չէր 'բոլոր հաւկիթները մէկ զամբիւղի մէջ դնել' ռազմավարութիւնը»:
Բայց Լէյպըրը ըսած է թէ պատուաստներու միայն երեք հաւանական համաձայնութիւններ ունենալը բաւարար չէ, եւ թէ, միջազգային լաւագոյն փորձառութիւնը հինգ կամ վեց հատ ունենալն է:
Pfizer պատուաստը պահելը դժուար չէ՞
Այո՛: Ան մշտապէս շուրջ նուազ 70 աստիճան սելսիուս ջերմաստիճանի մէջ պէտք է պահուի՝ այս պատուաստի տարածումը քիչ մը աւելի բարդ դարձնելով:
.«Ան պէտք է պահուի յատուկ պահեստամաններու մէջ: Քիչ մը eskies-ներու նման, բայց որոնք հեղուկ բորակածին կը պարունակեն, ինչ որ չափազանց պաղ կը պահէ պատուաստը» ըսաւ Փրոֆեսոր Էսթըրմէն:
Երբ հարց տրուած է թէ կը կարծէ՞ որ Աւստրալիան կրնայ յաղթահարել այս յաւելեալ գիտարուեստական մարտահրաւէրը, ան ըսաւ. «այդ կարելի է ընել»:

The Pfizer/BioNTech vaccine must be kept at very cold temperatures. Source: Getty
«Pfizer-ը, պատուաստը այս յատուկ eskies-ներուն մէջ պիտի փոխադրէ Աւստրալիա: Թէեւ այդ աւելի դժուար է պաղ շղթայի պահանջին պատճառով, այդ լրիւ դիւրութեամբ պէտք էկառավարուի Աւստրալիոյ մէջ»:
mRNA պատուաստներըը, ինչպէս Pfizer/BioNTech պատուաստը, նոյնպէս չեն կրնար արտադրուիլ Աւստրալիոյ մէջ որովհետեւ անոնք նոր տեսակի ճարտարարուեստի հետ կապ ունին:
«Խօսք կայ այն մասին թէ մենք զարգացնենք mRNA պատուաստներու մեր սեփական արտադրական կարողութիւնը, եւ կարծեմ թէ լաւ գաղափար է ապագայ համաճարակի մը համար» ըսաւ Փրոֆեսոր Էսթըրմէն:
Ի՞նչ պատահեցաւ UQ/CSL պատուաստին
Պատուաստ պատրաստելու Աւստրալիոյ փորձին հարուած հասցնելով, Քուինզլէնտ Համալսարանը եւ CSL-ը այս ամիս ստիպուեցան ետ քաշուիլ արշաւէն՝ երբ փորձարկման համար պատուաստ ստացած բոլոր մասնակիցները HIV-ի փորձարկումի սխալ-դրական արդիւնքներ ցոյց տուին:
«HIV-էն վարակ առաջացնելու վտանգ չունէր,» յայտնեց Սիտնի Համալսարանի փոխանցիկ հիւանդութիւններու մասնագէտ Փրոֆեսոր Րոպըրթ Պօյ:
«Այն ինչ որ իսկապէս կ'օգտագործուէր, քիչ մը սպիտակուց էր, ոչ մէկ կապ ունէր իսկական վարակիչ ժահրին հետ»:
Սակայն գիտնականները մտահոգուած էին որ եթէ նոյնիսկ պատուաստը ամբողջովին ապահով էր, HIV-ի համար սխալ-դրական արդիւնքները կրնային խանգարել Աւստրալիոյ HIV-ի փորձարկման ծրագիրը, ինչպէս նաեւ արեան նուիրատուութեան արշաւները, եւ հանրային ընկալումն ու վստահութիւնը մտահոգութիւն էր:
Աւստրալիացիներ ի՞նչ կը մտածեն պատուաստուելու մասին
Որեւէ պատուաստումի արշաւ յաջողելու համար, մարդոց լայն մեծամասնութիւնը պէտք է լաւատեղեակ եւ պատրաստակամ ըլլայ:
Մելպուրնի բժիշկ Տր. Ապիշեք Վերմա յայտնեց որ, տարուան մեծ մասը ՔՈՎԻՏ-19-ի մասին իր հիւանդներուն մտահոգութիւնները նուաճելէ ետք, այժմ հաւանական պատուաստի մասին առասպելները կը փարատէ:
«Պատուաստումներու վերաբերեալ շատ հարցումներ ունեցանք: Ապահով պիտի ըլլա՞յ: Պարտադիր պիտի ըլլա՞յ: Վտանգաւոր ըլլալու հաւանականութիւն կա՞յ» ըսաւ ան:
Իր հիւանդներէն շատերուն մտքերուն մէջ տարածուած էր թէ պատուաստի արշաւի ընթացքին խնայողութիւն կրնար եղած ըլլալ եւ ապահովութիւնը խախտուած:
«Մենք հիւանդներուն հետ բաց երկխօսութիւն կ'ունենանք եւ կը լուծենք անոնց մտահոգութիւնները» ըսաւ ան:
«Մենք կը փորձենք օգտուիլ այդ առիթներէն, օգտագործելով Առողջապահութեան Բաժանմունքէն ստացուած տուեալները ինչպէս նաեւ դարմանական փորձարկումները, կը փորձենք ապացոյցներու վրայ հիմնուած կիրարում՝ խթանելու համար, այն ինչ որ մենք կը հաւատանք որ ապահով եւ արդիւնաւէտ պատուաստ մըն է»:
Նոյեմբերին, Աւստրալիական Ազգային Համալսարանին կողմէ 3,061 Աւստրալիացի չափահասներու վրայ կատարուած հարցախոյզ մը գտաւ որ 58,5 տոկոսը ըսին թէ հաստատօրէն պիտի ստանային պատուաստը: Վեց տոկոսը ըսին թէ հաստատօրէն պիտի չի ստանային:
Աւստրալիոյ բոոր համայնքները ներգրաւուած պիտի ըլլա՞ն տարածման մէջ
Տր. Վերմիա ըսաւ որ որոշ ներգաղթած խումբերու համար, լեզուական խոչընդոտները եւ մշակութային համապատասխան առողջապահութեան տարբերակներու բացակայութիւնը կը նշանակէ թէ անոնք յաճախ դուրս կը մնան խօսակցութենէն:
«Անոնք աւանդաբար միշտ որոշ չափով իրաւունքէ զրկուած են եւ դժուարութեամբ ներգրաւուած ընդհանուր կիրարման եւ նախնական խնամքի մէջ,» ըսաւ Տր. Վերմա: «Հետեւաբար, կը կարծեմ որ այդ մարդիկը որոշ խոչընդոտներ պիտի ունենան որովհետեւ անոնք կրնան աւելի հակած ըլլալ ապատեղեկատուութեան՝ եթէ տեղեկութիւնը ճիշդ աղբիւրներէ չեն ստանար»:
Նահանգային եւ դաշնային կառավարական բաժանմունքներ համաճարակի ժամանակ քննադատուած են Աւստրալիոյ մշակութային եւ լեզուական այլազան համայնքներուն հետ հաղորդակցելու սխալներու համար: Վատ թարգմանուած տեղեկութենէն, մինչեւ մշակոյթի ներկայացուցիչներու հետ խորհրդակցութեան բացակայութիւն, կը նշանակէ որ ժահրի մասին տեղեկութիւն ստանալու համար ոմանք դիմեցին անպաշտօն աղբիւրներու:
Վիքթորիայի Իսլամական Խորհուրդի խօսնակ Ատել Սալման ըսաւ՝ «(պատուաստի մասին) շատ մը ապատեղեկատուութիւն տեղի կ'ունենայ համացանցի միջոցով» եւ թէ՝ պատուաստի ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարիլը միակ մարտահրաւէրը չէ զոր կը դիմագրաւեն Աւստրալիոյ մաքրամասնական համայնքները, այլ ամբողջ բնակչութիւնը:
«Կը կարծեմ որ իսկապէս կարեւոր է որ ճիշտ պատգամը ազդեցիկ կերպով քաջալերուի որովհետեւ շատ մը վախցնելու եւ շատ մը դաւադրութեան տեսութիւններ պիտի տարածուին» ըսաւ ան: «Մենք պէտք է ապահովենք որ պատգամը կարենայ կտրել այդ բոլորը: Եւ այդ պատգամը համապատասխան կերպով փոխանցելու համար մենք վստահելի աղբիւրներ ունինք»:
Ան, պատուաստի տարածումէն առաջ տեղեկատուութեան արշաւի մը սկսելու կոչ կ'ընէ դաշնային կառավարութեան:
Առողջապահութեան Նախարար Կրէկ Հանթի խօսնակը SBS News-ին ըսաւ որ կառավարութիւնը «ՔՈՎԻՏ-19-ի պատասխանի վերաբերեալ պիտի շարունակէ խորհրդակցիլ եւ խորհուրդներ ու առաջարկութիւններ ստանալ գլխաւոր բազմամշակութային կազմակերպութիւններէ եւ շահագրգիռ կողմերէ, որը կը ներառէ պատուաստի իրագործման եւ հաղորդակցութեան ռազմավարութեան զարգացումը եւ բաշխումը»:
Կառավարութիւնը նաեւ նոր հիմնած է իր Մշակութային եւ Լեզուական Այլազան Համայնքներ ՔՈՎԻՏ-19 Առողջապահական Խորհրդատու Խումբ, որը իր առաջին հանդիպումը ունեցաւ այս ամիս:
Ի՞նչ բարդութիւններ կրնան առաջանալ
Քուինզլէնտ Համալսարանի վարակիչ հիւանդութիւններու մասնագէտ Փրոֆեսոր Բօլ Կրիֆին յայտնեց թէ Աւստրալիոյ պատուաստի տարածումը կրնայ բարդ ըլլալ:
«Ես կը խորհիմ որ բանակավարութիւնը, ինչպէս նաեւ պատուաստի տատանումը, երկու գլխաւոր հարցեր են որոնք մենք պիտի դիմագրաւենք առաջ երթալու ժամանակ: Վստահ չեմ որ մենք դեռ բաւարար ըրած ենք այս հարցերէն որեւէ մէկը լուծելու համար» ըսաւ ան:
«Բանակավարումները անհաւատալիօրէն բարդ պիտի ըլլան: Հիմնականօրէն, ասկէ առաջ երբեք նման բան մը չենք ըրած»:
«Մենք գրիպի համար բաւական տարածում ունինք, բայց պատուաստը մարդոց հասցնելու համար շատ տարբեր միջոցներ կ'ընգրկէ, եւ մենք դեռ երբեք այդ չափերուն չենք հասած որոնք որ կ'ուզէինք տեսնել այս ՔՈՎԻՏ պատուաստներով» ըսաւ ան:
«Նաեւ, արձանագրութիւն պահելու եւ մարդոց պատուաստ ստացած ըլլալը փաստելու կարողութիւնը (կարեւոր են): Պատուաստումները որոնցմով պիտի սկսինք, առ նուազն երկու դեղաչափի կարիքը ունին: Եթէ մարդիկ ետ չի գան իրենց երկրորդ դեղաչափին համար, մենք կրնանք զգալիօրէն տկարացնել պաշտպանութեան մակարդակը»:
Պատուաստը պիտի գործէ՞
Տր. Մօյ յայտնեց որ պտուաստումներու ծրագրի կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ նպատակներուն վերաբերեալ անհրաժեշտ է նաեւ աւելի շատ յստակութիւն ունենալ:
«Անոնք կ'ազդեն ձեզ չհիւանդացնելու համար, բայց ներկայիս վստահ չենք թէ անոնք որքա՞ն լաւ են իսկապէս ձեր վարակուիլը կամ նոյնիսկ ուրիշին փոխանցելը արգիլելու համար: Հետեւաբար, անոնք կրնան բանի մը մէջ լաւ ըլլալ եւ ուրիշ բանի մէջ ոչ լաւ» ըսաւ ան:
«Մենք ոչ միայն կը փորձենք անհատը պաշտպանել, այլ կը փորձենք համայնքին մէջ տարածումը եւս կասեցնել: Ընդհանուր առմամբ այս բոլոր պատուաստներուն համար դրական եւ բացասական կողմերը կան եւ մի քանի բաներ կան որոնք տակաւին չեն որոշուած, օրինակ, որքա՞ն կը տեւեն»:
Ե՞րբ աւելին պիտի գիտնանք
Փրոֆեսոր Քելի ըսաւ որ Աւստրալիոյ պատուաստումի տարածման մասին ամբողջական մանրամասնութիւնները Յունուարին պիտի հրապարակուին:
Աւստրալիոյ մէջ մարդիկ իրարմէ առնուազն 1,5 մէթր հեռու պէտք է մնան: Հաւաքոյթներու սահմանափակումներու վերաբերեալ ստուգեցէք ձեր օրինական իշխանութեան սահմանափակումները: Եթէ հարբուխի կամ գրիպի ախտանշաններ ունիք, տունը մնացէք եւ քննութեան ենթարկուելու կարգադրութիւն ըրէք հեռաձայնելով ձեր բժիշկին կամ կապուեցէք Քորոնավայրըս Առողջութեան Տեղեկատուութեան արագ գծին հետ 1800 020 080 հեռախօսահամարով:
Կը խնդրենք ստուգել ձեր նահանգի կամ հողատարածքի համապատասխան ուղեցոյցները. , , , , , , , .