Աւստրալիա թողարկեց COVIDSafe, քորոնավայրըսի շփման յայտնաբերումի app մը

Աւստրալիա թողարկեց COVIDSafe, կառավարութեան շարժուն հեռաձայնի app-ը, որպէսզի կարենայ կապ հաստատել մարդոց հետ որոնք շփում ունեցած են ՔՈՎԻՏ-19 ժահրին հետ:

App-ը ին՞չ նպատակով պատրաստուած է

Կ'ակնկալուի որ app-ը բարելաւէ քորոնավայրըսի յայտնաբերումի դէպքերը և յայտնաբերումը մարդոց որոնք շփում ունեցած են ժահրին հետ: Երբ տրամադրուի առողջապահութեան իշխանութիւններուն, հեռաձայնին մէջ պահուած տուեալներուն միջոցով կարելի պիտի ըլլայ անհատներու ստուգումը, որոնք հնարաւոր է որ շփուած են դրական դէպքի մը հետ:

Շփումը պիտի արձանագրուի եթէ անձը մինչեւ 1,5 մեդր մոտեցած է այլ անձի մը որու app-ը բաց է և շփումը կը տեւէ նուազագոյնը 15 վայրկեան:

COVIDSafe app-ի բաժանորդագրութիւնը կամաւոր է: Կառավարութիւնը խորհուրդ կ'ուտայ որ բոլոր աւստրալիացի բնակիչները ներբերեն որովհետեւ որքան աւելի աւստրալիացիներ կը միանան COVIDSafe app-ին, այնքան աւելի արագ անոնք կրնան հետեւիլ ժահրին:

Իշխանութիւններ ինչպէս՞պիտի գործածեն COVIDSafe-ի տուեալները

COVIDSafe app-ը ստեղծուեցաւ արագացնելու համար ՔՈՎԻՏ-19-ով վարակուած մարդոց հետ մոտիկէն շփում ունեցած անձերը գտնելու գործընթացը, որ ներկայիս կը կատարուի ձեռքով: Այս գործընթացը պէտք է նուազեցնէ, առանց տեղեակ ըլլալու, ժահրը ընտանիքին, ընկերներու և համայնքին մէջ այլ մարդոց անցնելու հնարաւորութիւնը:

Նահանգային և հողամասային առողջապահութեան իշխանութիւններ կրնան app-ի տեղեկութենէն օգտուիլ միայն եթէ մէկը դրական արդիւնք տայ և համաձայնի որ իր հեռաձայնին վրայ գտնուող տեղեկութիւնը օգտագործուի: Առողջապահութեան պաշտօնեաներ կրնան app-ի տեղեկութիւնը օգտագործել միայն զգուշացնելու համար անձերը, որոնք պէտք է մեկուսանան կամ ստուգուին:

COVIDSafe app-ը, շփումը յայտնաբերող միակ app-ն է որ վաւերացուած է Աւստրալիական Կառավարութեան կողմէ: Յաւելեալ տեղեկութեան համար, այցելէ՝  

Ինչ՞ անձնական տեղեկութիւն պիտի կիսէք COVIDSafe app-ի միջոցով

Երբ օգտագործողներ կը ներբերեն app-ը, կը տրամադրեն իրենց անունը, շարժուն հեռախօսի համարը, և postcode-ը և ընտրեն տարիքի շարք մը: Ապա պիտի ստանան հաստատումի SMS ուղերձ մը աւարտելու համար տեղադրումը: Դրութիւնը ապա կը ստեղծէ եզակի գաղտնագրուած վերագրումի ծածկագիր մը:  

COVIDSafe կը ճանչնայ այլ սարքեր որոնց մէջ COVIDSafe app-ը տեղադրուած է և Bluetooth-ը միացած: Երբ app-ը կը ճանչնայ այլ օգտագործող մը, կը նշէ թուականը, ժամանակը, հեռաւորութիւնը և շփումի տեւողութիւնը և միւս օգտագործողի վերագրումի ծածկագիրը: COVIDSafe app-ը չի հաւաքէր օգտագործողներու վայրի տեղեկութիւնը:

Աւստրալիական կառավարութիւնը կ'ըսէ որ տեղեկութիւնը գաղտնագրուած է և այդ գաղտնագրուած ստուգուցիչը ապահով կերպով պահուած է օգտագործողներու հեռախօսերուն վրայ: Շփումի տեղեկութիւնը որ պահուած է մարդոց շարժուն հեռախօսերուն վրայ, կը չնչուի 21 օրը մէկ: Այս ժամանակաշրջանը նկատի կ'առնէ ՔՈՎԻՏ-19 թխսումի ժամանակը և ստուգում կատարելու ժամանակը:

Ինչ՞ կը պատահի եթէ app օգտագործող մը դրական արդիւնք տայ

Երբ մէկը կ'ախտաճանաչուի ՔՈՎԻՏ-19-ով և եթէ օգտագործողը թոյլտուութիւն տայ, ծածկագրուած կապի տեղեկութիւնը app-էն պիտի փոխադրուի ապահով տեղեկութեան պահեստի դրութիւն մը:

Նահանգային և հողամասի առողջապահութեան իշխանութիւններ ապա՝ 

  • App-ի արձանագրած տուեալները պիտի օգտագործեն շփումները յայտնաբերելու համար
  • Կապ հաստատեն մարդոց հետ, կամ անոնց ծնողքին/խնամակալին հետ, տեղեկացնելու որ հնարաւոր է որ շփում ունեցած են վարակուած անձի մը հետ
  • Խորհուրդ տան յաջորդ քայլերու մասին, ներառեալ՝
  • Ինչ բաներէ պէտք է զգուշանան
  • Երբ, ինչպէս և ուր պէտք է ստուգուին
  • Ինչ ընեն վտանգէ պաշտպանելու համար ընկերները և ընտանիքը
  • Առողջապահութեան պաշտօնեաներ վարակուած անձի անունը պիտի չտան  
Եթէ մտահոգուած էք ձեր անձնական տուեալներու գաղտնիութեան շուրջ, կարդալ՝  .



Աւստրալիոյ մէջ մարդիկ պէտք է նուազագոյնը 1,5 մեդր հեռու մնան ուրիշներէ և հաւաքոյթները սահմանափակուած են երկու անձերու բացի եթէ ընտանիքի կամ տնեցիներու հետ են:

Եթէ կը կարծէք որ վարակուած էք ժահրով, հեռաձայնեցէք ձեր բժիշկին  (մի՛ այցելէք) կամ կապ հաստատեցէք ազգային Քորոնավայրըս Առողջութեան Տեղեկութեան Թէժ Գիծին (Coronavirus Health Information Hotline) 1800 020 080: Եթէ դժուարութիւն ունիք շնչելու կամ բժշկական արտակարգ իրավիճակի մէջ էք հեռաձայնեցէք՝ 000:

SBS յանձնառու է տեղեկացնելու Աւստրալիոյ տարբեր համայնքները ՔՈՎԻՏ-19-ի վերջին զարգացումներու մասին: Լուրեր և տեղեկութիւն կը տրամադրուի 63 լեզուներով՝ .

ԱՂԲԻՒՐ՝ SBS NEWS, ԱՒՍՏՐԱԼԻԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ


Share
Published 30 April 2020 3:15pm
Updated 1 May 2020 8:49pm
By SBS RADIO
Presented by Vahe Kateb
Source: SBS Radio

Share this with family and friends