Աւստրալիոյ նահանգներու և հողամասերու մէջ պատուաստումներու բարձր տոկոսը պատճառ դարձաւ որ վերսկսի միջազգային ճամբորդութիւնը և վերացուին արգելափակումի սահմանափակումները:
Այս պատճառով, վարակուածներու թիւերը կը նախատեսուի որ բարձրանան և շատ վարակիչ Օմիքրոն և Տելթա տարբերակներու պատճառով, առողջապահութեան իշխանութիւններ կոչ կ'ուղղեն մարդոց որ ստանան խթանումի սրսկումներ աւելի մեծ պաշտպանութիւն ստանալու համար:
Խթանումի սրսկումներու պատուաստի պատրաստութեան գիտութիւնը :
Առողջապահութեան քարտուղար Պրէնտըն Մըրֆի Դեկտեմբերին յայտնեց որ “Խթանիչները շատ կարեւոր են տալու համար յաւելեալ վարակամերժութիւն, յատկապէս որ Օմիքրոն տարբերակը հաւանական է որ տարածուի աշխարհի տարածքին:"
Խթանումի արշաւներ
Դաշնային Առողջապահութեան նախարար Կրէկ Հանդ Դեկտեմբերի սկզբնաւորութեան ազգային խթանումի սրսկումի արշաւ մը սկսաւ տօնական եղանակէն առաջ և աւստրալիացիները կը քաջալերուին որ սրսկումը ստանան որչափ կարելի է շուտ այն մտահոգութեամբ որ զոյգ պատուաստուած շատ մը մարդիկ սահմանափակ պաշտպանութիւն կրնան ունենալ Օմիքրոն տարբերակին դէմ:
Պատուաստումի Աւստրալիական Տեխնիկական Խորհրդատուական Խումբը (ATAGI), առաջ բերաւ խթանումի սրսկումի վեց ամիսէն հինգ ամիսի:
Մինչեւ 1,5 միլիոն աւստրալիացիներ այժմ կրնան իրենց խթանումի դեղաչափը ստանալ անմիջապէս:
Պատուաստումի Աւստրալիական Տեխնիկական Խորհրդատուական Խումբը (ATAGI) որ օգտագործուի Ֆայզըրի հետ միատեղ որպէս խթանիչ:
Քաջալերելու համար մասնակցութիւնը, դաշնային և նահանգային կառավարութիւններ երկրին մէջ կը վարեն:
Խթանումի դեղաչափեր տարեցներուն համար
կ'ըսէ որ 70 տարիքէ վեր մարդիկ, անոնք որոնք 65 տարեկանէ վեր են և որոնք մշտական հիւանդութիւններ ունին, տկարացած ախտամերժ դրութեամբ մարդիկ, Ապօրիճին և Թորրես Նեղուցի Կղզեցի մարդիկ որոնք 50 տարեկանէ վեր են մշտական լուրջ հիւանդութիւններով, աւելի մեծ վտանգի տակ կը գտնուին եթէ քորոնա ժահրով վարակուին:
Դաշնային Առողջապահութեան գերատեսչութեան տուեալները ցոյց կ'ուտան որ Յունուար 2020-էն սկսեալ, 1,910 տարեց աւստրալիացիներ իրենց կեանքերը կորսնցուցած են ՔՈՎԻՏ-19-ի պատճառով:
Վարակումի վտանգը յատկապէս աւելի բարձր է Տելթա և Օմիքրոն տարբերակներով և պատուաստներ զգալիօրէն կը նուազեցնեն, ժահրին պատճառով, լուրջ հիւանդութիւններու վտանգը կամ մահը:

PM Scott Morrison received his COVID-19 booster vaccination alongside Jane Malysiak in NSW. Source: SMH POOL
Տարեց աւստրալիացիներ առաջիններէն էին որոնք ստացան խթանումի պատուաստը ազգային թողարկումի ծիրէն ներս:
18 տարեկանէն վեր աւստրալիացիներ իրաւունք ունին կառավարութեան կողմէ վաւերացուած :
Տարեցներու խնամքի հաստատութիւններու բնակիչներ կրնան ստանալ իրենց նախնական և խթանիչ պատուաստումները Դաշնային բուժարաններու մէջ: Պատուաստումներու վերաբերեալ յաւելեալ խորհուրդ տարեցներու խնամքի բանկիչներու համար գտէք , կամ խթանիչի մը համար ժամադրութիւն առնել :
Պատուաստում երեխաներու համար
Պատուաստումի Աւստրալիական Տեխնիկական Խորհրդատուական Խումբը (ATAGI) 5-էն 11 տարեկան երեխաներուն համար:
ATAGI յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց որ այս հաւանութիւնը հիմնուած է վերջերս կատարուած քլինիկական փորձերու արդիւնքներուն վրայ, որոնք ցոյց կ'ուտան որ պատուաստը շատ ազդեցիկ է և որ կողմնակի ազդեցութիւններու մեծ մասը թեթեւ են և անցողիկ:
Սրսկումները պիտի կատարուին բժիշկներու, Ապօրիճին Առողջապահական Ծառայութիւններու, համայնքային դեղարաններու և նահանգային և հողամասերու բուժարաններուն մէջ:
ATAGI յանձնարարեց ութը շաբաթուայ ժամանակամիջոց մը երկու դեղաչափերուն միջեւ, սակայն յատուկ պարագաներուն, այս կրնայ կրճատուիլ երեք շաբաթուայ եթէ օրինակ բռնկում մը տեղի ունենայ:

Vaccinating children can help reduce community transmission and prevent them passing the virus onto the wider community. Source: Getty Images
Վտանգաւոր հիւանդութիւններով , Ապօրիճին և Թորրես Նեղուցի Կղզեցիներու երեխաներ, և երեխաներ որոնք կ'ապրին խճողուած պայմաններու կամ բռնկումի վայրերու մէջ, աւելի հաւանական է որ օգտուին ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստումէն որովհետեւ ծանր հետեւանքներու յաւելեալ վտանգի տակ կը գտնուին, տեղեկացուց ATAGI:
Այս տարիքի երեխաներ, որոնք նախապէս ՔՈՎԻՏ-19-ով վարակուած են, կրնան ստանալ պատուաստը հիւանդութենէն բուժուելէ ետք:
Երեխաներու յանձնարարուած դեղաչափը պիտի տարբերի չափահասներուն տրուած դեղաչափէն, դեղաչափը 10 միլիոներորդ կրամ պիտի ըլլայ բաղդատած 30 միլիոներորդ կրամի 12 տարեկանէն վեր անձերու համար:
Երեխաներ որոնք 12 տարեկան կը դառնան իրենց առաջին դեղաչափէն ետք, կրնան ստանալ չափահասներու Ֆայզըր ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստը:
Ուրտեղէն՞ կրնամ յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալ
Օմիքրոնը յայտարարուելէ ետք 'մտահոգիչ տարբերակ' Համաշխարհային Առողջապահական Կազմակերպութեան կողմէ, դաշնային կառավարութիւնը յաւելեալ ջանքեր գործադրեց մարդոց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով խթանիչ սրսկումներու կարեւորութեան վրայ:
ՔՈՎԻՏ-19 Նախնական Խնամքի Պատասխանի Առաջին Քարտուղարի Տեղակալ, Բժիշկ Լուքաս Տէ Թոքա, թէ ինչու՞ խթանիչ սրսկումները կարեւոր են նոյնիսկ երբ յաւելեալ մատչելի կը դառնան: Ան յայտնեց որ միայն մէկ փորձուած միջոց մը չկայ ՔՈՎԻՏ-19 բուժումի համար:

Booster doses provide an added layer of protection. Source: AAPAAP Image/Bianca De Marchi
Խթանիչ սրսկումներ կարելի է ստանալ երկրորդ դեղաչափը ստանալէն հինգ ամիսներ անց, և այս թուականը կարելի է գտնել անձի մը թուային պատուաստումի վկայականին վրայ:
Պատուաստումի բոլոր ժամադրութիւնները, ներառեալ Դեկտեմբեր 15-էն ետք երեխաներուն համար, կարելի է կատարել միջոցով:
Կրնաք թարմացուցած մնալ ներկայ սահմանափակումներու վերաբերեալ ձեր նահանգին մէջ միջոցով:
Կապ հաստատելու համար թարգմանիչի մը հետ ձեր լեզուով ՔՈՎԻՏ-19-ի վերաբերեալ տեղեկութեան համար Աւստրալիական Թարգմանական և Բանաւոր Թարգմանութեան Ծառայութեան միջոցով (ATIS), հեռաձայնել 1800 131 450:
Յաւելեալ տեղեկութեան համար ՔՈՎԻՏ-19 պատուաստի և ժամադրութեան համար, հեռաձայնել Ազգային Քորոնաժահրի Թէժ գիծ 1800 020 080:
Յաւելեալ տեղեկութեան համար ՔՈՎԻՏ-19-ի վերաբերեալ, կ'առաջարկուի որ հեռաձայնէք ձեր բժիշկին կամ առողջապահական մասնագէտին:
Մինչ պատուաստումի յանձնառութիւնները կը շարունակեն փոխուիլ, տեղեկացուած մնացէք վերջին տեղեկութիւններու վերաբերեալ այցելելով, կարդալու համար տեղեկութիւնները ձեր լեզուով: